“Երկիր”._Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հետ ունեցած հանդիպումը «արդիւնաւէտ» որակած է։ «Մեր գործընկեր Փութինի հետ արդիւնաւէտ հանդիպումէն վերջ մենք հեռացանք Սոչիէն», գրած է Էրտողան ընկերային ցանցերու վրայ: Ռուսիոյ նախագահը նոյնպէս բարձր գնահատած է իր թուրք գործընկերոջ հետ բանակցութիւններուն արդիւնքները: «Շնորհակալութիւն ձեր այցելութեան համար: Շատ օգտակար եւ բովանդակալից էր։ Կապի մէջ կը մնանք», ըսած է Փութին։ Երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւնները, տարածաշրջանային հարցերը՝ իրավիճակը Սուրիոյ, Լիպիոյ, Աֆղանիստանի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ: Հանդիպումը 2 ժամ 45 վայրկեան տեւած է եւ փակ եղած է մամուլի համար: