«Երկիր».-Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Ապպաս Մուսաւի հաղորդած է, որ 1 Հոկտեմբերի գիշերը, Պաքուի մէջ ցուցարարներ յարձակած են Իրանի դեսպանատան վրայ: «Իրանի դեսպանատան վրայ յարձակումէն եւ անոր նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունքէն, ինչպէս նաեւ բուռն ցոյցերէն ետք պաշտօնական հետաքննութիւն տեղի ունեցած է, իսկ դիւանագիտական ոստիկանութիւնը` Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ին օգնութեամբ, յայտնաբերած եւ բերման ենթարկած ու հարցաքննած է Իրանի դիւանագիտական առաքելութեան վրայ չորս յարձակողները», ըսած է ան: Ըստ դիւանագէտին, «Իրանի դեսպանատունը պիտի ստանձնէ այս հարցին հետապնդումը, մինչեւ որ յանցագործները պատժուին»: