«Երկիր».-Իտալիոյ Հանրապետութիւն պետական այցելութեան ընթացքին նախագահ Արմէն Սարգսեան Հռոմի մէջ այցելած է Վենետիկի հրապարակ, ուր զայն դիմաւորած են Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Լորենցօ Կուերինին եւ բարձրաստիճան զինուորականներ:

Հայաստանի նախագահը ծաղկեպսակ դրած եւ յարգանքի տուրք մատուցած է «Հայրենիքի Խորանին»: