Հետեւեցէ՛ք ձեր առողջութեան՝ կանխարգիլելու վարակը կրելու վտանգը։ Ուստի նկատի առէք հետեւեալները. ԱԽՏԱՆՇԱՆՆԵՐ Քորոնա ժահրին ախտանշանները կը նմանին կրիփի (հարբուխ) ախտանշաններուն, սակայն հիւանդութիւնը շատ արագ կը բարդանայ եւ հիւանդին մօտ թոքաբորբ յառաջացնելով անոր մահուան պատճառ կը դառնայ: Կարեւորագոյն ախտանշաններ՝ 1-Շնչառական սուր անբաւարարութիւն 2- Ջերմութիւն 3-Դող 4-Չոր հազ 5-Մկանային ցաւ 6-Գլխացաւ 7-Քթահոս 8-Փորհարութիւն։ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը վարակէն խուսափելու եւ զայն կանխարգիլելու համար ներկայացուցած է հետեւեալ խորհուրդները. – -Յաճախակի ձեռքերը օճառով լուալ եւ պարբերաբար մաքրել ալքոհոլ պարունակող նիւթերով: -Հազալու եւ փռնգտալու ատեն՝ քիթն ու բերանը ծածկել թաշկինակով, ու անմիջապէս թափել թաշկինակը ու լուալ ձեռքերը: -Հեռու մնալ ջերմութիւն կամ շնչառական հարցեր ունեցող անհատներէ: -Հազ, ջերմութիւն կամ շնչառութեան նեղութիւն ունենալու պարագային, անյապաղ դիմել բժիշկի: -Խուսափիլ կենդանական ծագում ունեցող հում կամ կիսեփ սննդամթերքէ: -Եւ վերջապէս պատուաստ ստանալ։