Ատրպէյճանական Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները 15 Հոկտեմբերին կրակ բացած են Հայաստանի Հանրապետութեան Արարատի մարզի, մասնաւորապէս` Երասխ գիւղի, եւ այդ բաժինի մէջ հաստատուած հայկական զօրքի դիրքերուն ուղղութեամբ: Այս կացութեան հետեւանքով այրած են գիւղի բնակիչներէն մէկուն անասնագոմը եւ խոտի դէզերը: ՀՀ Զինեալ Ուժերու անձնակազմին եւ քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին մէջ տուժածներ չկան: