«Արմէնփրէս».- Հոլանտայի խորհրդարանը 14 Սեպտեմբերին գրեթէ միաձայնութեամբ ընդունած է բանաձեւ, որուն մէջ արձանագրուած է, թէ Ատրպէյճանի մէջ ուժգնացած են բռնաճնշումները ընդդիմութեան եւ քաղաքացիներուն նկատմամբ: Այս մասին իր դիմատետրին վրայ կատարած գրառումով տեղեկացուցած է ատրպէյճանցի իրաւապաշտպան Արիֆ Իւնուսով: «Սեպտեմբերին Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան մեր հիմնարկը նամակ ուղարկեց Հոլանտայի ծերակուտականներուն, պատգամաւորներուն` մատնանշելով Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու սարսափելի վիճակին մասին, ընդգծելով 1 Սեպտեմբերին երկրին մէջ122 քաղաքային բանտարկեալներու առկայութիւնը եւ կտտանքներու որոշակի օրինակներ բերելով», գրած է Իւնուսով: Հիմնարկը խնդրած էր յատուկ լսումներ կազմակերպել Հոլանտայի խորհրդարանէն ներս` Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն: «Նամակը ընդունուեցաւ, հասկցուեցաւ, եւ 14 Հոկտեմբեր 2021֊ին, Հոլանտայի խորհրդարանը գրեթէ միաձայնութեամբ ընդունեց բանաձեւ, որուն մէջ նշուած է, որ ընդդիմութեան եւ քաղաքացիներուն նկատմամբ Ատրպէյճանի իշխանութեան ճնշումները ուժեղացած են», յայտնած է ան: Իւնուսով յայտնած է նաեւ, որ Դեկտեմբերի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին պէտք է կոչ ուղղուի նախարարներու խորհրդարանին` ուշադրութիւն դարձնելու եւ դիտարկելու Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակի վատթարացումը: