«Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի Հանրապետութենէն Հայաստանի Հանրապետութիւն վերադարձուած է ՀՀ հինգ քաղաքացի:
Գերիներուն վերադարձը ՀՀ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ հարաւային ռազմական մասի հրամանատարի տեղակալ, Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի նախկին հրամանատար, զօրավար Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ:
Վերադարձուած քաղաքացիներն են` Ամբարտանեան Մելս Կարապետի, Կարապետեան Ռաֆիկ Ռոպերթի, Մանուկեան Ժորա Վանոյի, Մանուկեան Յովսէփ Ռոպերթի, Սողոմոնեան Սեդրակ Սամուէլի: