22 հոկտեմբերին, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան ընկերները հանդիպում-քննարկում ունեցան Սուրիոյ «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեանի հետ։ Քննարկուեցան սուրիահայ համայնքին, Հայաստանին եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն առնչուող հարցեր։ Կարծիքներ փոխանակուեցան մամլոյ դերին եւ դաշնակցական մամուլին շուրջ ընդհանրապէս։