Երեքշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Մուհամմէտ Հաճ Իպրահիմիի հետ խորհրդակցեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնը զարգացնելու միջոցներուն շուրջ։ Քերոբեան շեշտեց, որ Հայաստան նախանձախնդիր է Սուրիոյ հետ գործակցելու, ըսելով. «Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնը պէտք է քաղաքականին եւ մարդասիրականին համահաւասար զարգացած ըլլայ», յայտնելով անձնապէս իր պատրաստակամութիւնը գործնական քայլ առնելու այս գծով։ Կողմերը խորհրդակցեցան նաեւ յառաջիկայ շաբթուան մէջ կառավարական միացեալ յանձնախումբի ժողովին ընթացքին կնքուելիք համաձայնութիւններուն շուրջ։ Այս առիթով Քերոբեան յայտնեց յանձնախումբի նախագահին փափաքը՝ ժողովի լոյսին տակ սուրիացի եւ հայաստանցի գործարարներուն միջեւ հանդիպում մը գոյացնելու։ Քերոբեան կարեւոր համարեց երկու երկիրներուն միջեւ թռիչքներու վերաշխուժացումը, ինչ որ տնտեսական գետնի վրայ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ։ Իր կարգին դեսպան Հաճ Իպրահիմ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Հայաստանի՝ Սուրիոյ ժողովուրդին աջակցութեան եւ զօրակցութեան համար, բարգաւաճ օրեր եւ խաղաղութիւն մաղթելով Հայաստանի Հանրապետութեան։