«Արմէնփրէս».-Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Ատրպէյճան մեկնած է Վարանդայի (Ֆիզուլի) օդակայանի բացման արարողութեան մասնակցելու համար, խօսած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին` կրկին նախապայման սահմանելով: Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Էրտողան յատկապէս ըսած է. «Ատրպէյճանի նկատմամբ անկեղծ կամք դրսեւորելու պայմաններով Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին նկատմամբ այլեւս որեւէ խոչընդոտ պիտի չըլլայ: Շատ կարեւոր է, որ սահմանները յստականան եւ փոխադարձաբար ճանչցուին: Այս ըմբռնումը բարի դրացիական յարաբերութիւններու հիմքն է»: Թուրքիոյ ղեկավարը աւելցուցած է նաեւ, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ աջակցիլ «Եղբայրական Ատրպէյճանին»: