Հովանաւորութեամբ Պաաս կուսակցութեան համալսարանի ներկայացուցիչին, կազմակերպութեամբ Հալէպի Պետական Համալսարանի Լեզուներու Բարձրագոյն Ուսումնարանի Տնօրէնութեան, ներկայութեամբ համալսարանի նախագահին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մասիս Սրբ․ Արք․ Զօպուեանի, Հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչին եւ հայ ու արաբ համալսարանականներու, դասախօսներու, լեզուաբաններու եւ ուսանողներու, մասնակցութեամբ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին, Երեքշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2021-ին, Հալէպի գրականութեան եւ մարդասիրական գիտութիւններու համալսարանի «Էպլա» լսարանէն ներս տեղի ունեցաւ «Ազգային Լեզուներու Ծանօթացում» խորագիրը կրող գիտական ցերեկոյթը, որուն ընթացքին «Հայերէնը՝ 16 Դար Տողերու Ընդմէջէն» վերնագրով զեկոյցը ներկայացուց Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի եւ Հալէպի Լեզուներու Բարձրագոյն Պետական ուսումնարանի հայերէն լեզուի դասախօս Մարիա Գաբրիէլեան։ Հայերէնին կողքին ներկայացուեցան քրտերէն եւ ասորերէն լեզուներու ծագումն ու զարգացումը, ինչպէս նաեւ անոնց դերակատարութիւնը ժողովուրդներու ինքնութեան պահպանման ու այլ ժողովուրդներու հետ հաղորդակցութեան մէջ։
Բացման խօսքով Պաաս կուսակցութեան համալսարանի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ Հալէպ մշակոյթներու կենակցութեան եւ զարգացման բնօրրանը հանդիսացած է, Ռաաս Շամրայի մէջ դարեր առաջ լեզուներու առաջին յայտնաբերումները եղած են, երեւոյթ մը, որ մեկնակէտը հանդիսացած է լեզուներու զարգացման։ Ան դիտել տուաւ, որ ուրախ ենք այս ձեռնարկով ներկայացնելու Սուրիոյ ազգային այն լեզուները, որոնք կ՛օգտագործուին Սուրիոյ ընկերութեան մաս կազմող փոքրամասնութիւններու կողմէ։ Ան շեշտեց, որ Սուրիան տեւաբար քաջալերած է բազմագոյն իր մշակոյթի զարգացումը, ազատութիւն տալով լեզուներու եւ ընդհանրապէս մշակոյթներու զարգացման աշխատանքներուն։ Ան դիտել տուաւ, որ այս նպատակով իսկ ութը տարի առաջ Հալէպի լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ ազգային լեզուներու բաժինին, որպէսզի անոր ընդմէջէն մեր ժողովուրդի զաւակները ծանօթանան հայերէնին, քրտերէնին եւ ասորերէնին, որոնք արաբերէնին կողքին կը հնչեն մեր ընկերութեան մէջ։
Լեզուներու Բարձրագոյն ուսումնարանի տնօրէն դոկտ. Մունզեր Իսա խօսք առնելով յայտնեց, որ ազգային լեզուի օգտագործումը պատկանելիութեան եւ ինքնութեան պահպանման լաւագոյն դրսեւորումն է, իսկ Սուրիան հարուստ է իր ընկերութեան բազմալեզու մասնիկներով, որոնք կը հարստացնեն մեր մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը եւ գունեղ, բուրումնաւէտ պարտէզի կը վերածեն Սուրիոյ ազգային-մշակութային կեանքը։
Այնուհետեւ Մարիա Գաբրիէլեան ներկայացուց հայոց լեզուի եւ տառերու ծագումն ու զարգացման փուլերը, շեշտելով, որ հայոց գիրերու գիւտի հիմնադիր Ս․Մեսրոպ Մաշտոց հայկական Եդեսիոյ մէջ աւարտին հասցուց գիրերու գիւտի իր շնորհազարդ աշխատանքը, ապա տարիներու ընթացքին հայ գիրն ու գրականութիւնը զարգացան ու յայտնուեցան համաշխարհային լեզուաբաններու ուշադրութեան կիզակէտին մէջ։ Գաբրիէլեան մանրամասնօրէն բացատրելով հայոց լեզուի բաժիններն ու բարբառներու հարստութիւնը, դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութիւնը պահպանեց իր լեզուն եւ մշակոյթը, որոնց շնորհիւ վերածնունդ ապրեցաւ ու շարունակեց իր գոյութիւնը՝ սփռուելով Սփիւռքի այլազան ափեր, իսկ Սուրիան դարձաւ արեւմտահայ մշակոյթի եւ լեզուի պահպանման հիմնական կռուաններէն մէկը։ Ապա ներկայացուեցաւ հայ մշակոյթը ծանօթացնող տեսերիզ մը։
Այնուհետեւ քրտերէն լեզուն ներկայացուց երկրչփ․Մուհամմէտ Քազքլի, իսկ ասորերէնը՝ Լայլա Տալլի։
Ձեռնարկէն ետք ներկաները հրաւիրուեցան դիտելու Սուրիոյ ազգային լեզուներու եւ մշակոյթներու նուիրուած ցուցահանդէսը։
Հայկական բաժինը, ինչպէս նաեւ ձեռնարկին ցուցադրուած տեսերիզը, պատրաստած էր Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը։
Աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան համալսարանէն ներս բացումը կատարելու ռուս-սուրիական գործակցութեան նուիրուած սրահին։
Լուսանկարները՝ Հայկ Ուրֆալեանի։