Կիրակի, 24 Հոկտեմբեր 2021-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Սուրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը ճշդեց բնակարանային սպառման յատուկ 10 քիլօ կազ պարունակող տակառին գինը հետեւեալ ձեւով. անկախ «խելացի քարտ»էն, ազատ վաճառող կողմերուն համար՝ 29. 682 ս.ո., իսկ սպառողին վաճառումի գինը՝ 30. 600 ս.ո.։ 16 քիլօ կրամ արդիւնաբերական ընկերութիւններու տրամադրելի կազի տակառին գինը վաճառող կողմին համար՝ 45. 570 ս.ո., իսկ սպառողին համար՝ 49. 000 ս.ո.-ի։