Հայ Դատի զինեալ պայքարի հերոս, «Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ»ու քաղաքական վերջին բանտարկեալ Համբիկ Սասունեան վերջապէս ազատ է։ Ան Միացեալ Նահանգներէն արդէն հասած է Հայաստան:
 
Սասունեան հայ ազգին ուղղելով իր խօսքը ըսած է.
 
«Սիրելի Հայրենակիցներ,
 
Ամենայն ուրախութեամբ կը գրեմ պատգամս ձեզի՝ Հայաստանէն։
 
Մօտաւորապէս 40 տարի անց, պատիւը ունիմ ըլլալու հայրենի հողին վրայ, խմելու հայրենի ջուրը, շնչելու օդը, եւ զգալու ընտանեկան ջերմութիւնը։
 
Ձեր ցուցաբերած աջակցութիւնը տարիներու ընթացքին մշտապէս քաջալերած է զիս եւ դրական ներդրում ունեցած դժուարագոյն օրերուս։
 
Խորին շնորհակալութիւններս կ՛ուզեմ յայտնել բոլոր անոնց, որոնք նամակցած են, այցելած են եւ ընդմիշտ պահած են զիս իրենց սրտերուն մէջ։
 
Վերջապէս հասած եմ տուն…
 
Սիրով՝
Համբիկ Սասունեան»։
 
Յիշեցնենք, որ Համբիկ Սասունեան ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած էր Լոս Անճելըսի մէջ 28 Յունուար 1982-ի առաւօտեան ժամը 9։40-ին Ուիլշիր Պուլուարի և Կոմստոկ փողոցի խաչմերուկին վրայ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Քեմալ Արըքանի սպանութեան մասնակից եղած ըլլալու մեղադրանքով: Այդ ատեն ան 19 տարեկան էր: Դեկտեմբեր 2019-ին Լոս Անճելըս նահանգի Ներման Հարցերով Յանձնաժողովը որոշած էր ազատ արձակել Սասունեանը, սակայն Քալիֆորնիոյ նահանգապետը Մայիս 2020-ին մերժած էր ազատ արձակման հայցը։
 
2021-ի սկիզբը դատարանը որոշեց, որ Սասունեանի ազատ արձակման դէմ նահանգապետարանի պնդումները անհիմն են եւ վերականգնեց Դեկտեմբեր 2019-ի ազատ արձակման որոշումը։
 
Թուրքիան բացմիցս պաշտօնապէս իր դժգոհութիւնը յայտնած է Սասունեանի ազատ արձակման կարելիութեան գծով։