Շաբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, շեշտելով, որ Սուրիա խստիւ կը դատապարտէ թրքական խորհրդարանի այն որոշումը, որուն համաձայն թրքական համակարգի նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանին կը թոյլատրուի երկու տարի եւս Սուրիա եւ Իրաք զինուորական ուժեր ղրկել։ Նախարարութիւնը աւելցուց. «Էրտողանի թշնամական ընթացքը ողջ տարածաշրջանի անվտանգութեան կը սպառնայ։ Ան կը շարունակէ զինուորական յարձակումներ մղել սուրիական հողերու վրայեւ կը շարունակէ խախտել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի որոշումները, որոնք կը վերաբերին Սուրիոյ Հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման։ Միւս կողմէ, թրքական ուժերու ոտնձգութիւններուն դէմ ՄԱԿ-ի լռութիւնը առիթ կ՚ընծայէ Էրտողանին Սուրիոյ վրայ իր յարձակումները սաստկացնելու, յաւելեալ հողատարածքներ գրաւելու, ինչպէս նաեւ շարունակելու սուրիական շրջաններ թրքացնելու քաղաքականութիւնը, Եփրատ գետի ջուրին անջատումը, քաղաքացիները ջրազուրկ պահելը, Իտլիպի եւ այլ շրջաններու մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցութիւն տրամադրելը եւ այլն»։ Նախարարութիւնը եզրափակելով շեշտեց, որ թրքական համակարգին ոտնձգութիւններուն դէմ լուռ մնալը տարածաշրջանի եւ միջազգային ներկայ իրավիճակը պիտի բարդացնէ: Ուստի Սուրիոյ Հանրապետութիւնը միջազգային ընկերութեան կոչ կ՚ուղղէ թրքական յարձակումները դատապարտելու եւ սուրիական պետութեան կրած ահաւոր վնասներուն փոխհատուցում տրամադրելու։