Երեքշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2021-ին, տեղական աղբիւրներ «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ թրքական ուժերուն ենթակայ «Համզա» կոչուած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումը բռնի ուժով Աֆրինի եւ Հալէպի հիւսիսային բաժինի «Քոճաման» գիւղին մէջ բռնագրաւած են ձիթենիի տարածուն արտեր՝ բերքը Թուրքիա փոխադրելու նպատակով։ Աղբիւրը աւելցուց, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու ընտանիքները հիւսիսային «Պլպոլ» գիւղին մէջ բնակիչներուն պատկանող ձիթենիի մեծաթիւ ծառեր արմատախիլ ըրած են։