1 Նոյեմբերին, «Հայաստան» դաշինքի կեդրոնական շտապի մէջ տեղի ունեցած է Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան նիստ` նախագահութեամբ դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեանի: Քննարկուած է երկրի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, անդրադարձ կատարուած է խմբակցութեան աշխատանքներուն, դաշինքի մարտավարութեան ու ռազմավարութեան: Յատուկ քննարկումի առարկայ դարձած են նաեւ 9 Նոյեմբերին Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղի ունենալիք հանրահաւաքին առնչուող հարցերը: «Հայաստան» դաշինք