Օրերս «Հայաստանի Դեմոկրատական Կուսակցութեան» նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Արցախեան հարցին շուրջ հանրային քննարկում։

Քննարկման ներկայ էին հասարակական-քաղաքական գործիչներ, որոնց կարգին՝ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար, ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Սեյրան Օհանեան, Մարդու իրաւունքներու առաջին պաշտպան Լարիսա Ալաւերտեան եւ արցախցիներ։

Սեյրան Օհանեան իր ելոյթին ընթացքին յայտնեց, որ թէեւ կը խօսուի անվտանգային միջավայրի ստեղծման աշխատանքներու մասին, սակայն ծրագրային գործունէութիւն չիրականացուիր։

«Հայաստանի Հանրապետութեան նորանկախ երեսուն տարիներու ամբողջ պատմութիւնը դժուար է պատկերացնել առանց Արցախի Հանրապետութեան, առանց Ղարաբաղեան շարժման ու այն գործողութիւններուն, որոնց արդիւնքով մենք յաղթանակ տարած ենք։ Այսօր մենք հասած ենք այն կէտին, որ Արցախը, յայտնուելով անկլավային (միջերկրային, շրջապատուած-«Գ.») իրավիճակի մէջ, անորոշութեան մէջ ինկած է։ ՀՀ-ը ԱՀ-եան հետ անվտանգութեան ու տնտեսութեան համահայկական միասնականութեան առումով մէկ գործօն է, տարածաշրջանին մէջ աւելի հզօր գործօն է, քան ՀՀ-ը՝ առանց Արցախի կամ այս պարտութենէն ետք՝ Արցախի այսպիսի իրավիճակով։ Հիմա միակ յոյսը ՌԴ խաղաղապահ ուժերուն վրայ է՝ ես նկատի ունիմ Արցախի մէջ, իսկ ՀՀ սահմաններուն պարագային տխրահռչակ իրավիճակի մէջ յայտնուած ենք», ընդգծեց Սեյրան Օհանեան։

Վերջինս շեշտեց, որ խորհրդարանական երկրի մէջ խորհրդարանական վերահսկողութեան գործիքակազմի օգտագործումը անհրաժեշտութիւն է, իսկ խորհրդարանի վերահսկողութեան տակ պիտի գտնուին ոչ միայն կառավարութիւնը, այլև այն բոլոր մարմինները, որոնք կը ձեւաւորուին խորհրդարանին միջոցով։

«ՀՀ-եան մէջ, ընդհակառակը, գործադիր իշխանութիւնը կ՚ուղղորդէ խորհրդարանի գործունէութիւնը, կարծես թէ Ազգային ժողովը գործադիր իշխանութեան կցորդն է։ Մենք քանի մը անգամ գործադիրի ներկայացուցիչներուն խորհրդարան քննարկման հրաւիրած ենք՝ Արցախի, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի շփման գիծի իրավիճակի պարզաբանման համար, նաև այն խօսակցութիւններուն, որոնք կը վերաբերին սահմանազատումներուն եւ սահմանագծումներուն, որպէսզի գան ու խորհրդարանին մէջ իրավիճակը ներկայացնեն։ Երկար ժամանակ չէին գար։ Մէկ ամիս ու 13 օր անց՝ մեր պնդումներէն յետոյ, որոշուեցաւ հրատապ քննարկում իրականացնել ու հրաւիրել համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչներ։ Եթէ մեր պետութեան մէջ այդպիսի սահմանային իրավիճակի վերաբերեալ որոշումը, մտահոգութիւնները հանրութեան դատին ներկայացնելու գործընթացը կ՚իրականանայ մէկ ամսուան և 13 օրուան ընթացքին, ատիկա կը վկայէ, որ միանշանակ են այն պնդումները, թէ 44-օրեայ պատերազմին մենք պարտութիւն կրած ենք միայն ու միայն պետական կառավարման լուրջ բացթողումներու հետեւանքով», ընդգծեց Սեյրան Օհանեան։

Ան աւելցնելով ըսաւ, որ Արցախի ամբողջ բանակցային գործընթացին առնչուող դաւադրական շարժումներ կ՚ընթանան՝ յատկապէս Արցախի բանակցային գործընթացէն դուրս մղուելու ժամկէտներուն և սահմանագծման ու սահմանազատման հարցերուն գծով։

«Մենք յայտարարութիւն պատրաստած էինք, անոր կիզակէտին մէջ թուրք-ատրպէյճանական այս գործողութիւններու դատապարտումն էր, այնտեղ նշուած էր նաեւ, որ Արցախի ինքնորոշման գաղափարը առաջնային է, և պէտք չէ ըլլայ որեւէ փաստաթուղթ, որուն մէջ յիշուի, որ Արցախը Ատրպէյճանին մաս կը կազմէ, երրորդ՝ որևէ ղեկավար, յատկապէս գործադիրի որևէ ներկայացուցիչ իրաւունք չունի այս ժամանակահատուածին ստորագրելու միջազգային նշանակութիւն ունեցող որևէ փաստաթուղթ, որ չ՚անցնիր համապատասխան ընթացակարգերէ։ 9 Նոյեմբերին ստորագրուած յայտարարութիւնը մեզ այս մտավախութիւնը ունենալու առիթը ցոյց կու տայ», աւելցուց Սեյրան Օհանեան։

Մեր բանակի կազմաւորման ակունքներուն մէջ կանգնած Սեյրան Օհանեան յիշեցուց, որ մեր այսօրուան կառավարութեան ղեկավարը կ՚ըսէ․ «Ես հրաման տուած եմ նահանջելու յատկապէս Կովսականի, Ջրականի այն հատուածներէն, որոնք կը հասնին մինչև ՀՀ սահմաններ», մինչդեռ, Օհանեանի հաստատումով, պետութեան տարածքային ամբողջականութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան մասին մտածող և, ընդհանրապէս, սահմաններու ճշդման գործընթացը՝ ապառազմականացումն ու սահմանագծումը հասկցող կամ նոյնիսկ չհասկցողը այսպէս չէր վարուեր, քանի որ պետութիւնը ունի բոլոր գործիքակազմերը՝ Կառավարութիւն, Անվտանգութեան խորհուրդ, ԱԺ, ՊՆ, ԳՇ․․․ և համապատասխան մարմիններու հետ ընդունուած որոշումներու ընթացքին գոնէ ռազմավարական կարևոր կէտերն ու հետագային շահարկման մաս դարձող ճամբաները, բարձունքները պիտի ըլլային մեր առաջին գիծի թիկունքին, որպէսզի մենք հետագային կարենայինք այդ ամէնը հիմք ընդունելով՝ սահմանագծում կատարել։

Սեյրան Օհանեանի համաձայն, այն շահարկումը, թէ մենք այդ մէկը չընելու պարագային, պատերազմը կը շարունակուէր, ամենեւին արդարացի չէ, քանի որ պատերազմը այսօր ալ կը շարունակուի, անընդհատ պիտի շարունակուի այս իրավիճակին մէջ։
«Ի՞նչ կը նշանակէ սա, մենք մեր հայրենիքը պիտի չպաշտպանե՞նք։ Իսկ այն ընթացքին ատրպէյճանցիները GPS-ով եկան, իրենց սահմանագծումն ու սահմանազատումը իրականացուցին, և դեռ աւելին՝ մխրճուեցան մեր տարածքներուն մէջ, որոնք հետագային մեր վրայ ազդելու, շահարկման հիմք պիտի դառնան», ըսաւ Սեյրան Օհանեան՝ ընդգծելով, որ այսօր խիստ կարևոր հարց է նաեւ Արցախի հայաթափման դադրեցումը։

Ան ընդգծեց. «Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութեան» նախաձեռնութեամբ ընթացող քննարկումը եւ առհասարակ, նմանօրինակ քննարկումները շատ կարևոր ու անհրաժեշտ են։ Սեյրան Օհանեան աւելցուց, որ քննարկումէն ետք ինչ որոշում որ ընդունուի, կրնայ ղրկուիլ ԱԺ ու քննարկման դրուիլ։ Պէտք է շեշտել, որ քննարկումէն յետոյ յայտարարութիւն պիտի պատրաստուի, որմէ ետք հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններն ու ուժերը կրնան ստորագրել տուեալ յայտարարութեան ներքեւ՝ այնտեղ զետեղուած առաջարկութիւններուն եւ հաստատումներուն համաձայն ըլլալու պարագային։

Քննարկման ներկայ ՀՀ մարդու իրաւունքներու առաջին պաշտպան Լարիսա Ալաւերտեան դիտել տուաւ, որ ատրպէյճանցիներուն հարցը միայն մեր տարածքները բռնագրաւելը չէ, անոնց հարցը նաև ցեղասպանական գործողութիւններու իրականացումն է։

«Իսկ երբ կը խօսին պայմանաւորուած պատերազմի ու ծրագրուած պարտութեան մասին, պէտք է ըսել, որ 2018 թուականէն ստեղծուած են բոլոր պայմանները, որպէսզի թուրք-ատրպէյճանական յարձակումը տեղի ունենայ։ Ես չեմ կրնար պնդել, որ նստած, համաձայնած են, բայց փաստ է՝ արդիւնքներէն դատելով կարելի է ըսել, որ ամէն ինչ տեղի ունեցաւ, որ պատերազմը սկսէր, անոր համար ալ այդ մէկը իրօք համաձայնեցուած էր, այդ եզրը ընդունելի է», յայտնեց Լարիսա Ալաւերտեան։

Քննարման ներկայ էր նաև ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան անդամ Գէորգ Ղազէլեան։

Ան իր ելոյթին ընթացքին ընդգծեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխարհաքաղաքական այս վերդասաւորումներուն բարդագոյն ժամանակահատուածին կրկին կանգնած է թրքացման սպառնալիքը չէզոքացնելու հրամայականին առջեւ։

«Իշխանութիւնները մինչև օրս նոյնիսկ չեն վերահաստատէր տակաւին 1990-ական թուականներէն յայտարարուած, Հայաստանի նախորդ բոլոր իշխանութիւններուն կողմէ կասկածի տակ չդրուած և մինչև այսօր ՀՀ ԱԳՆ պաշտօնական կայքին վրայ զետեղուած դիրքորոշումը՝ ըստ որուն․

• Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հիմք պէտք է հանդիսանայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման ճանաչումը,
• Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը Հայաստանի հետ պէտք է ունենայ հայկական կողմի իրաւազօրութեան տակ գտնուող անխափան ցամաքային կապ,
• Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը պէտք է միջազգայնօրէն երաշխաւորուած ըլլայ:

Գէորգ Ղազէլեան շեշտեց, որ Հայաստան պէտք է համապատասխան միջոցներ որդեգրէ՝ ապահովելու համար մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը։

«Արցախեան հիմնահարցը չէ լուծուած, Դիմադրութեան փլաթֆորմը պէտք է ձեւաւորել Հայաստանի թրքացման եւ Արցախի հայաթափման սպառնալիքներու ամբողջական գնահատման եւ անոնց յաղթահարման մարտավարական յստակ սկզբունքներու հիման վրայ։ Մեզմէ կախեալ է այն, թէ կը կարողանա՞նք վճռական պայքարով՝ վերացնելով ներքին ու արտաքին խոչընդոտները վերատիրանալ Արցախին ու մեր արժանապատուութեան, թէ ոչ», եզրափակեց Գէորգ Ղազէլեան։