“Անթիլիաս”._Կիրակի, 31 Հոկտեմբեր 2021-ին, Ժընեւի մէջ իր իջեւանած պանդոկէն ներս, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սուրիոյ մօտ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ներկայացուցիչին փոխանորդը՝ Անթուան Լահհամը: Տիար Լահհամ ողջունեց Նորին Սրբութեան ներկայութիւնը Ժընեւի մէջ՝ Մ.Ա.Կ.ի ներկայացուցիչին կողմէ, որ այս օրերուն կը գտնուի երկրէն դուրս: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Սուրիոյ պարզած ներքին կացութիւնը եւ երկրին ամբողջական գերիշխանութիւնն ու ապահովութիւնը վերահաստատելու կարելիութիւնները եւ այդ գծով ՄԱԿ_ին մօտեցումները: Բնականաբար, նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ հայ համայնքին եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: