Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը աշխուժօրէն կը մասնակցի 5 Դեկտեմբեր 2021-ին նախատեսուած համայնքներու աւագանիներու ընտրութիւններուն: Կուսակցութիւնը մասնակցած է նաեւ 14 Նոյեմբերին տեղի ունենալիք՝ Տաւուշի մարզի Իջեւան համայնքի աւագանիի ընտրութիւններուն: 5 Դեկտեմբերի ՏԻՄ-ի ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ն կը մասնակցի Արագածոտնի մարզի Աշտարակ, Արարատի մարզի Արտաշատ, Արմաւիրի մարզի Մեծամօր, Գեղարքունիքի մարզի Սեւան, Լոռիի մարզի Սպիտակ, Շիրակի մարզի Արթիկ, Կոտայքի մարզի Աբովեան, Հրազդան, Նայիրի եւ Նոր Հաճն համայնքներու մէջ: Կուսակցութիւնը դաշինքներով կը մասնակցի Գեղարքունիքի մարզի Գաւառ, Վարդենիս, Մարտունի, Արմաւիրի մարզի Վաղարշապատ, Բաղրամեան, Կոտայքի մարզի Ծաղկաձոր, Շիրակի մարզի Ախուրեան, Արագածոտնի մարզի Թալին եւ Վայոց Ձորի Մարզի Ջերմուկ համայնքներու մէջ : ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին 02.11.2021