Չո­րեք­շաբ­թի, 3 Նո­յեմ­բեր 2021-ին, ՍԱ­ՆԱ հա­ղոր­դեց, որ Սուր­իոյ ելեկտ­րա­կա­նու­թեան նա­խա­րար երկրաչափ Ղա­սսան ալ Զա­մէլ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Դա­մաս­կո­սի մէջ Ռուս­իոյ դես­պան Ալեք­սանտր Եւե­մո­վի հետ։
Սուր­իոյ Ելեկտ­րա­կա­նու­թեան Նա­խա­րա­րու­թեան յար­կին տակ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մին, կող­մե­րը խորհր­դակ­ցե­ցան եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ նա­խա­պէս ստո­րագր­ուած հա­մա­ձայ­նա­գիր­ներն ու մշակ­ուած ծրա­գիր­նե­րը կեան­քի կո­չե­լու շուրջ։ Անոնք շեշ­տե­ցին Սուր­իոյ եւ Ռուս­իոյ մի­ջեւ ելեկտ­րա­մա­տա­կա­րար­ման առն­չուող գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը։
Իր կար­գին, դես­պան Եւե­մով իր երկ­րին պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնը յայտ­նեց Սուր­իոյ մէջ ելեկտ­րա­կա­նու­թեան հատ­ուա­ծին աջա­կցու­թիւն տրա­մադ­րե­լու եւ շեշ­տեց գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւնը։