Ուրբաթ, 5 Նոյեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Չինաստանի նախագահ Շի Ճին Պենկի հետ։ Աղբիւրին համաձայն, նախագահները խորհրդակցած են երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութեան զարգացման միջոցներուն շուրջ։ Նախագահ Ասատ շեշտած է, որ տասնամեայ պատերազմին ընթացքին, Չինաստան Սուրիոյ նեցուկ կանգնեցաւ ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարին մէջ, որուն կողքին Սուրիոյ ժողովուրդի տառապանքի մեղմացման նպաստեց։ Այս առիթով, Ասատ Սուրիոյ ժողովուրդին երախտագիտութիւնը յայտնած է միջազգային հարթակնեէն ներս չինական կողմին Սուրիոյ ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Ասատ Սուրիոյ նախանձախնդրութիւնը յայտնած է՝ երկու երկիրներու կառավարական հաստատութիւններու գործակցութիւնը զարգացնելու գծով, յատկապէս կարգ մը շրջաններու մէջ ապահովական իրավիճակի բարելաւման հեռանկարով։ Իր կարգին, Չինաստանի նախագահը յայտնած է, որ Չինաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ պատմական բարեկամութիւն հաստատուած է, որովհետեւ Սուրիան Չինաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւն մշակող առաջին արաբական երկիրներէն եղած է։ Ան Չինաստանի պատրաստակամութիւնը յայտնած է երկու երկիրներուն գործակցութիւնը ամրապնդելու եւ միասնաբար նորանոր ձեռքբերումներ իրականացնելու համար, ինչպէս նաեւ յայտնած Չինաստանի փափաքը՝ Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն մաս կամզելու։ Չինաստանի նախագահը աւելցուց, որ յառաջիկայ օրերուն, Չինաստան պսակաձեւ ժահրի դէմ պատուաստներու եւ բժշկական սարքաւորումնաերու նոր խմբակ մը պիտի ղրկէ Սուրիա, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ՝ Չինաստանի հանդէպ իր ունեցած զօրակցական մօտեցումին համար։