Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Սրբ. Եպս. Զօպ­ու­եա­նի Նիւ Եորք կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան առի­թով «Գան­ձա­սար» հար­ցազ­րոյց մը  ու­նե­ցաւ անոր հետ:
«Գան­ձա­սար».-  Աստ­ուած Օգ­նա­կան Սր­բա­զան Հայր, ու­րախ ենք, որ վե­րա­դար­ձաք Հա­լէպ: Իմա­ցանք, որ անց­նող շա­բաթ­նե­րուն կը գտն­ուէ­իք Նիւ Եորք, ինչ­պի­սի՞ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով վե­րա­դար­ձաք:
Տէր Մա­սիս Զօպ­ու­եան- Անց­նող շա­բաթ­նե­րուն անձ­նա­կան բնոյթ կրող այ­ցե­լու­թեամբ մեկ­նե­ցայ Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Նիւ Եորք քա­ղաք, ուր առիթ ու­նե­ցայ վա­յե­լե­լու ջերմ ներ­կա­յու­թիւնը այն­տեղ հաս­տատ­ուած մեր հա­րա­զատ­նե­րուն եւ ակա­նա­տես եղայ օտար ափե­րու վրայ անոնց ապ­րած հա­յա­բոյր կեան­քին:
Այ­ցե­լու­թիւնս առիթ հան­դի­սա­ցաւ կարգ մը հան­դի­պում­ներ ու­նե­նա­լու: Տե­սակ­ցե­ցայ Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Արե­ւել­եան Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Անու­շա­ւան Արք. Դանի­էլ­եա­նի հետ, «Բա­րեւ» պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նի հա­ղոր­դա­վար Վար­դան Ապ­տո­յի հետ հար­ցազ­րոյց ու­նե­ցանք, Յով­նան­եան վար­ժա­րան այ­ցե­լե­ցի եւ Ս. Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հէն ներս հան­դի­պում ու­նե­ցայ սուր­ի­ա­հա­յե­րու հետ:
Լաւ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով վե­րա­դար­ձայ, յատ­կա­պէս երբ ակա­նա­տես եղայ այն­տեղ ապ­րող հա­յոր­դի­նե­րուն հա­յա­պահ­պա­նու­թեան ի նպաստ տա­րած աշ­խա­տան­քին:
«Գ.».- Իմա­ցանք, որ այ­ցե­լած էք Նիւ Եոր­քի Յով­նան­եան վար­ժա­րան եւ եկե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հէն ներս հան­դի­պում ու­նե­ցած էք ամե­րի­կաբ­նակ սուր­ի­ա­հա­յե­րու հետ: Ի՞նչ կը յայտ­նէք այս առն­չու­թեամբ:
Տ.Մ.Զ.- Պա­տեհ առիթ ու­նե­ցայ այ­ցե­լե­լու Յով­նան­եան վար­ժա­րան եւ տե­սակ­ցու­թիւն ու­նե­ցայ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն տի­ար Քրիստ Սա­րաֆ­եա­նի եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին հետ, որոնց մաս կը կազ­մեն սուր­ի­ա­հայ եւ լի­բա­նա­նա­հայ նուիր­եալ ու­սու­ցիչ­ներ: Դպ­րո­ցի սրա­հէն ներս աշա­կերտ­նե­րուն հետ հան­դի­պե­լով, անոնց պար­զա­բա­նե­ցի սուր­ի­ա­հայ աշա­կերտ­նե­րուն դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը: Շր­ջե­լով դա­սա­րան­նե­րը, մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցայ այն­տեղ տար­ուած հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան աչա­լուրջ աշ­խա­տան­քին: Այ­ցե­լու­թեան առի­թով գնա­հա­տե­ցի նուիր­եալ աշ­խա­տան­քը տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին, որոնք հա­յազ­գի զա­ւակ­նե­րը հա­յա­շունչ եր­դի­քի տակ հա­մախմ­բե­լով, սուր­ի­ա­հայ վար­ժա­րան­նե­րուն նման կը պայ­քա­րին՝ օտար ափե­րուն վրայ հա­յօ­րէն ապ­րե­լու եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի հա­րուստ մշա­կոյթն ու ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը փո­խան­ցե­լու նոր սե­րունդ­նե­րուն: Անակն­կա­լի եկայ, երբ հան­դի­պու­մի աւար­տին աշա­կերտ­նե­րը՝ ծնող­նե­րուն գի­տակ­ցու­թեամբ եւ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նին ձե­ռամբ իրենց նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թիւնը ցու­ցա­բե­րե­ցին սուր­ի­ա­հայ ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու կա­րի­քա­ւոր աշա­կերտ­նե­րուն, ար­տա­յայ­տե­լով իրենց եղ­բայ­րա­կան սէ­րը:
Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Արե­ւել­եան Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Անու­շա­ւան Արք. Դանի­էլ­եա­նին թոյլ­տուու­թեամբ, Ս. Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հէն ներս, յետ Սուրբ եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գին հան­դի­պում ու­նե­ցայ Ամե­րի­կա հաս­տատ­ուած սուր­ի­ա­հա­յե­րու հետ եւ հա­մա­պար­փակ կեր­պով անոնց զե­կոյց ներ­կա­յա­ցու­ցի Սուր­իոյ մէջ տի­րող ներ­կայ իրա­վի­ճա­կին մա­սին, յատ­կա­պէս անդ­րա­դար­ձայ տն­տե­սա­կան ծանր տագ­նա­պին եւ պսա­կա­ձեւ ժահ­րի տա­րած­ման վտան­գին, որոնք բա­ցա­սա­կան անդ­րա­դարձ կ’ու­նե­նան հա­մայն­քին վրայ:
Հան­դի­պու­մին ներ­կայ գտն­ուե­ցան նա­եւ Արե­ւել­եան Թե­մի նախ­կին Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Օշա­կան Արք. Չո­լոյ­եան, եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Արժ. Տ. Նա­րեկ քհնյ. Թրթռ­եան, եկե­ղեց­ւոյ հո­գա­բար­ձու­թեան կազ­մը, տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բը, սար­կա­ւագ­նե­րը, դպիր­նե­րը եւ մե­ծա­թիւ սուր­ի­ա­հա­յեր, որոնք եկած էին լսե­լու իմ զե­կոյ­ցը:
Ներ­կայ պատ­կե­րը փո­խան­ցե­լով յայտ­նե­ցի, թէ հա­կա­ռակ բո­լոր դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն Սուր­ի­ան պա­տե­րազ­մէն յաղ­թա­կան դուրս եկաւ եւ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը վե­րա­կանգ­նու­մի փուլ թե­ւա­կո­խե­լով կը շա­րու­նա­կէ մա­քա­ռիլ: Թէ­եւ Սուր­ի­ան ապա­հով է, մեր եկե­ղե­ցի­ներն ու դպ­րոց­նե­րը իրենց դռ­նե­րը բա­ցած են մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն առ­ջեւ, սա­կայն գո­յու­թիւն ու­նին դժ­ուա­րու­թիւն­ներ, ինչ­պէս մար­դու­ժի նուա­զում, տն­տե­սա­կան տագ­նապ եւ այլն: Պա­տե­րազ­մին ձգած հետ­քը կ’ապ­րինք, մաս­նա­ւո­րա­բար մեր երի­տա­սարդ­նե­րը եւ նո­րապ­սակ զոյ­գե­րը, զի­րենք քա­ջա­լե­րե­լով եւ գոր­ծի առիթ­ներ ստեղ­ծե­լով հա­մայն­քը աս­տի­ճա­նա­բար դուրս կու գայ այս իրա­վի­ճա­կէն:
Անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­ցի սուր­ի­ա­հայ հա­մայն­քի ազ­գա­յին-եկե­ղե­ցա­կան եռուն կեան­քին, հայ դպ­րո­ցին տա­րած յոյժ կա­րե­ւոր առա­քե­լութ­եան, ազ­գա­յին մար­մին­նե­րու, մշա­կու­թա­յին, մար­զա­կան եւ բա­րե­սի­րա­կան միու­թիւն­նե­րու, կր­թա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ազ­գան­ուէր ծա­ռա­յու­թեան եւ «Գան­ձա­սար» պաշ­տօ­նա­թեր­թին տա­րած քա­րոզ­չա­կան յա­րա­տեւ աշ­խա­տան­քին, հա­կա­ռակ տի­րող ան­բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րուն: Անդ­րա­դար­ձայ նա­եւ Թե­մի եկե­ղե­ցա­կան կեան­քին, որ յա­ռաջ կ’եր­թայ շնոր­հիւ մի­ա­բան եւ քա­հա­նայ հայ­րե­րուն, որոնք հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով իրենց կո­չու­մին, ազ­գա­յին մար­մին­նե­րուն կող­քին Թե­մի հո­գե­ւոր կեան­քը կը ծաղ­կեց­նեն:
Ներ­կա­նե­րուն ու­րա­խու­թեամբ յայտ­նե­ցի, թէ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին բարձր տնօ­րի­նութ­եամբ, Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի Արե­ւել­եան Թե­մի զա­ւակ­նե­րուն կա­տա­րած նուի­րա­տուու­թեամբ եւ Թե­միս հս­կո­ղու­թեամբ ըն­թացք առաւ Հա­լէ­պի Ս. Գէ­որգ հր­կիզ­ուած եկե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րո­գութ­եան աշ­խա­տան­քը, յա­նուն սուր­ի­ա­հա­յու­թեան հո­գե­ւոր կեան­քի ծաղ­կու­մին:
Այ­ցե­լու­թեան ընդ­մէ­ջէն շօ­շա­փե­ցի ամե­րի­կա­հա­յու­թեան սէ­րը եւ յար­գան­քը սուր­ի­ա­հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ: Անակն­կա­լի եկայ, երբ տե­սայ թէ Ամե­րի­կա բնա­կող սուր­ի­ա­հա­յեր ինչ­պէ՛ս պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն, նոյն­պէս այ­սօր իրենց լու­ման կը բե­րեն սուր­ի­ա­հայ ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու կա­րի­քա­ւոր աշա­կերտ­նե­րուն օգ­տա­կար դառ­նա­լու հա­մար: Անոնք կը հաս­տա­տեն, թէ Սփիւռ­քը եւ մաս­նա­ւո­րա­բար Մի­ջին Արե­ւել­քի մեր հա­յատ­րոփ գա­ղութ­նե­րը պայ­քա­րող օր­րան­ներ են, ուր եկե­ղե­ցի-դպ­րոց-ակումբ մի­ա­տեղ աշ­խա­տան­քով կը պատ­րաստ­ուին հայ նո­րա­հաս սե­րունդ­ներ:
Հան­դի­պու­մի աւար­տին, մեր երախ­տա­գի­տու­թիւնը յայտ­նե­ցի Ա. Մ. Նա­հանգ­նե­րու Արե­ւել­եան Թե­մի Առաջ­նոր­դին, ազ­գա­յին- եկե­ղե­ցա­կան մար­մին­նե­րուն եւ բա­րե­րար­նե­րուն՝ իրենց տա­րած ազ­գան­ուէր առա­քե­լու­թեան հա­մար:
«Գ.»- Այ­ցե­լու­թե­նէն վե­րա­դար­ձին ի՞նչ խօսք կ’ուղ­ղէք մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն:
Տ.Մ.Զ.- Փառք եւ գո­հու­թիւն կը յայտ­նեմ Ամե­նա­կա­լին, որ առողջ վե­րա­դար­ձայ Սուր­իա: Շնոր­հա­կա­լու­թիւնս կը յայտ­նեմ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին, որ այս առի­թը ըն­ծա­յեց հան­դի­պե­լու  ամե­րի­կաբ­նակ մեր հա­րա­զատ­նե­րուն հետ: Այս առի­թով, երախ­տա­գի­տու­թիւն կը յայտ­նեմ Ա. Մ. Նա­հանգ­նե­րու Արե­ւել­եան եւ Արեւմտ­եան թե­մե­րու առաջ­նորդ­նե­րուն, Գա­նա­տա­յի Հա­յոց Թե­մի առաջ­նոր­դին եւ իրենց ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն, որոնք անց­նող եր­կար տա­րի­նե­րուն սուր­ի­ա­հա­յութ­եան կող­քին կանգ­նե­ցան՝ գոր­ծով, մա­նա­ւանդ նիւ­թա­բա­րո­յա­կան օժան­դա­կու­թեամբ եւ այ­սօր եւս նե­ցուկ կը կանգ­նին:
Ամե­րի­կա­հայ մեր հա­րա­զատ­նե­րը, որ­պէս մէկ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­ներ, իրենց օժան­դա­կութ­եամբ ու կեց­ուած­քով հաս­տա­տե­ցին Սուր­իոյ հայ հա­մայն­քին կա­րե­ւոր դերն ու տե­ղը սփիւռ­քա­հա­յու­թեան կեան­քէն ներս:
Այս ապ­րում­նե­րով վե­րա­դար­ձայ Հա­լէպ՝ շա­րու­նա­կե­լու առա­քե­լու­թիւնս: Մեր պատ­գամն է սփիւռ­քի մէջ ապ­րող սուր­ի­ա­հա­յե­րուն, որ վե­րա­կանգ­նու­մի այս փու­լին իրենց լու­ման բե­րեն Սուր­իոյ հայ հա­մայն­քի զօ­րաց­ման ի նպաստ, նե­ցուկ կանգ­նե­լով մա­նա­ւանդ հայ դպ­րո­ցին եւ կա­րի­քա­ւոր հայ աշա­կերտ­նե­րուն:
Հարցազրոյցը վարեց՝
Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան