Յարգելի՛ հայրենակիցներ,

Սուտի ու կեղծիքի իշխանութիւնը խաղաղութեան կարգախօսներով 2020-ին բերաւ պատերազմ ու պարտութիւն: Մեզմէ  գողցան մեր յաղթանակներն ու տօնական օրերը` փոխարէնը տալով սգոյ, նուաստացման, ողբի օրեր: Հիմա մեզի կրկին խաղաղութիւն կը խոստանան` «խաղաղութեան դարաշրջանի» տեսքով: Սա կը նշանակէ նոր զիջումներ, նոր խայտառակութիւն, նոր նուաստացում, նոր պարտութիւն, որ թոյլ տալ կարելի չէ: «Պարտութեան» կուսակցութիւնը չի՛ կրնար խաղաղութիւն ու զարգացում բերել: Պարտութեան խորհրդանիշը չի՛ կրնար արժանապատուօրէն ներկայացնել մեր երկրին շահերը: Յանուն սեփական շահի ու աթոռի հազարաւոր մարդոց մահուան տարած մարդը չի՛ կրնար մեր պետութիւնը ղեկավարել:

Պէտք է ձեւաւորել ազգային դիմադրութիւն եւ հասնիլ իշխանափոխութեան, որ մեր երկիրը այս վիճակէն դուրս բերելու, արժանապատիւ խաղաղութիւն ապահովելու, ընկերային –տնտեսական ճգնաժամը յաղթահարելու, մեր երկրի անվտանգութիւնը ապահովելու նախապայմանն է:

«Հայաստան» դաշինքը 8 Նոյեմբերին` ժամը 18:00-ին, կը հրաւիրէ հանրահաւաք Ազատութեան հրապարակին վրայ:

Յարգելի՛ քաղաքացի, սա արժանապատուութեան ու դիմադրութեան կազմակերպման հանրահաւաք է: Եկո՛ւր Ազատութեան հրապարակ ու քու մասնակցութեամբ ցոյց տուր, որ կը մերժես Հայաստանի թրքացումը, Արցախի հայաթափումը, իշխանաւորներու գանձագողութիւնը, մեր երկրի հերթական պարտութիւնը:

«Հայաստան» դաշինք