“Ապառաժ”._Այսօր՝ 8 Նոյեմբերին, ԱՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան կողմէն տեղեկութիւններ հասած են, որ Երեւանի ժամով ժամը 15։00-ին Շուշի քաղաքի մօտակայ խաչմերուկին ատրպէյճանական կողմէն կրակոցներ արձակուած են՝ տուեալ վայրին մէջ ջրատար խողովակներու վրայ աշխատանքներ կատարող քաղաքացիներու վրայ: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ԱՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը: Ստեփանակերտի հիւանդանոց տեղափոխուած է չորս քաղաքացիական անձ, որոնցմէ մէկը մահացած է, երեքը բժշկական օգնութիւն ստացած են։ Դէպքին հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ այս պահուն Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան, ոստիկանութեան խումբերու եւ քննչական կոմիտէի քննիչներու կողմէն կը կատարուին հետախուզական եւ քրէադատավարական նախաձեռնութիւններ: