Ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, Կիրակի, 7 Նոյեմբեր 2021-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Արցախի պաշտպանութեան համար նահատակուած հալէպահայ եւ բոլոր նահատակներու հոգւոյն։
Արարողութեան հանդիպետեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան։
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին կողքին, արարողութեան ներկայ էին նահատակ հալէպահայեր՝ Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի եւ Յակոբ Ասթարճեանի ընտանեկան պարագաները, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ–ի ներկայացուցիչները, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի պետը, մխիթարեան հայրեր, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեք երեսփոխանները, Հհ Մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչներ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ Բերիոյ Թեմի Ազգ. Վարչութեան, մարմիններու, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեանց, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Դամասկոսէն, Լաթաքիայէն, Գամիշլիէն եւ Քեսապէն ազգայիններ։
Արցախի 44 օրեայ պատերազմի Ա. տարելիցին առիթով, Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղղելով վեր առաւ հայրենիքի համար նահատակութեան խորհուրդը։
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ հայրենիքի ղեկավարի մը համար պատիւ է շարունակել իր նախորդներուն ազատութեան կամար պայքարի ուղին եւ ազգին լւ հայրենիքին ծառայութիւնը՝ առաւել բարգաւաճ եւ հզօր հայրենիք մը ունենալու հեռանկարով: Ան անառակ որդիին առակը մէջբերելով ներկայ հանգրուանին անհրաժեշտ նկատեց հաշուետուութիւն կատարել՝ մեր սխալները տեսնելու եւ զանոնք սրբագրելու համար։
Մասիս եպիսկոպոս յիշեց Արցախի մեր հազարաւոր նահատակները եւ սուրիահայ երեք նահատակները, որոնք Արցախի ազատութեան համար հրաժեշտ տուին իրենց տան եւ ընտանիքին, ուղղուեցան պատերազմի դաշտ՝ պաշտպանելու մեր իրաւունքներն ու ազգային արժէքները եւ նահատակութեամբ իրենց գերագոյն սէրը արտայայտեցին հայրենիքին նկատմամբ։ «Եթէ անոնք չըլլային, այսօր պիտի գտնուէինք մահուան անդունդին եզրին», աւելցուց ան:
Սրբազան հայրը յիշեց նաեւ սուրիական հայրենիքի ազատութեան համար անցնող տարիներուն իրենց արիւնը թափած մեր ազգի նահատակ զաւակները:
Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Այս սուրբ խորանին առջեւ, Հալէպի պատմական այս քաղաքին մէջ, եղբայրական մեր սէրը եւ մեր ձեռքը կ’երկարենք հայրենիքի եւ Արցախի մէջ ապրող, պայքարող եւ տագնապող մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ հոսկէ կ’ուխտենք հաւատարիմ մնալ նախնեաց կտակին, հայրենիքին, ազատութեան, անկախութեան եւ եռագոյն դրօշին»։