«Աւաղ… գործս կէս մնաց», զօր. Անդրանիկ։ Աւաղ… Անդրանիկի ժառանգորդներ… Շուշիի ճակատամարտի անմահ հերոսներ…. Մահուան դէմ մարտնչող նուիրեալներ։ Աւաղ…. ձեր գործը կէս մնաց Եւ ահաւասիկ մէկ տարին բոլորեց դժբախտ նոյեմբերը, սակայն հայոց նորագոյն պատմութեան էջերուն մէջ պիտի դրոշմուի Շուշիի դիւցազնամարտն ու նահատակներու աննկուն կամքը։ Կիրակի, 9 Նոյեմբեր 2021- ի առաւօտեան Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ հանդիսապետութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի։ Պատարագը մատուցեց Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան։ Պատարագի աւարտին Հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի Հալէպահայ Յարութ Բանոյեանի, Յակոբ Աստարճեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի եւ Արցախեան 44- օրեայ բոլոր նահատակներու առաջին տարելիցին առիթով։ Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր քարոզին մէջ լուսարձակի տակ առաւ սիրոյ եւ զոհողութեան գաղափարը։ «Գերագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար։ Այս խօսքերը մեր տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերն են ու պատուէրը մեզի։ Եթէ իսկապէս պիտի սիրենք նախ պէտք է զոհուիլ սորվինք։ Սիրել զԱստուած եւ Հայրենիք կը նշանակէ պաշտպանել, անոնց պաշտպանութեան համար զոհուիլ։ Մեր նահատակներու գերագոյն սէրը դարձաւ Հայրենիքը։ Յարութին, Յակոբին եւ Մոսիկին մօտէն ծանօթացանք, անոնց սէրը հանդէպ հայութեան եւ հայաստանին անսահման էր եւ անշահախնդիր։ Յարատեւ պայքար ու անսակարկ նուիրում. ահա անոնց արեան կանչն ու կտակը նորահաս սերունդներուն։ Հանգչեցէք անդորրի մէջ, մեր անմահ նահատակներ։ Ձեր գործը պիտի շարունակուի եւ երբեք կէս պիտի չմնայ», եզրափակեց հայր սուրբը։ Յաւարտ հոգեհանգստեան պաշտօնին, առաջնորդարանի շրջափակէն ներս ՍԵՄ-ի «նիկոլ Դուման» Մասնաճիւղի ընկերները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Նահատակ ընկերներու յիշատակին։ Գաղափարակից ընկերներու խօսքը արտասանեց Յակոբ Պարսումեան, որ ըսաւ. «Առիւծասի՛րտ քաջեր, դուք ապացուցեցիք ձեր անսահման սէրը առ հայրենիք եւ հաւատարիմ մնացիք դաշնակցականի երդումին։ Փառք ձեզ, ընկերնե՛ր որ ընտրեցիք բարձունքներուն ամենաբարձրը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան»։ Այնուհետեւ խումբ մը ՍԵՄ-ականներ ներկայացուցին երեք նահատակներու կենսագրական տուեալները եւ արտասանեցին հետեւեալ խօսքը. «Եռաբլուրի մէջ կը հանգչին Յարութի, Յակոբի եւ Մոսիկի մարմինները, սակայն մեր մէջ կը հանգչին երեք նուիրեալ դաշնակցականներուն ոգեղէն մարմինները։ Պայքարը դարձած էր իրենց կեանքի նպատակն ու ճամբան. Այդպէս ճանչցանք զիրենք եւ այդ ճամբուն վրայ հերոսաբար զոհուեցան։ Յաւերժ փառք ու պատիւ ձեզի, հերոսնե՛ր։ Ձեր սխրանքը անմահ է, ձեր անունները մեր սրտերուն մէջ կը մնան յաւիտեան»։ Ապա անոնք երգեցին «Վէրքերով Լի» երգը, միասնական եւ տպաւորիչ կատարումով։ Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս հոգեշնորհ հայր սուրը, արժ. քահանայ հայրը, ազգայիններու եւ թաղականութեան հետ միութիւններուն եւ ժողովուրդին ցաւակցութիւնները ընդունեցին։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն