Կիրակի, 7 Նոյեմբեր, 2021-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Արցախի 44-օրեայ պատերազմին Շուշիի ինքնապաշտպանութեան մարտերուն ընթացքին նահատակուած սուրիահայ երեք հերոսներուն՝ Յարութ Բանոյեանի, Յակոբ Ասթարճեանի եւ Մոսիկ Սէքլէմեանի նահատակութեան Ա. տարելիցին առիթով, որմէ ետք «Սահակեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ, ներկայութեամբ գիւղիս հոգեւոր հայրերուն, ազգայիններու, միութիւններու ներկայացուցիչներու , ՍԵՄ-ի, ՊՄ-ի եւ գաղափարակից ընկերներու:
Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը, այնուհետեւ դամբանական խօսք արտասանեց Դալար Թութիկեան։ Մարինա Բենդէզեան հպարտութիւպ ներշնչեց համախմբուած քեսապահայերուն, երբ ընթերցեց «Մի Հպարտ Անուն» արձակ ստեղծագործութիւնը։ ՍԵՄ-ի «Շանթ» Մասնաճիւղի ընկերները ներկայացուցին նահատակ ընկերներուն կենսագրականները։ Ապա տեղի ունեցաւ ընկ. Յարութ Բանոյեանի մասին պատմող տեսերիզի մը ցուցադրութիւնը։
Աւարտին Հայ Առաքելական համայնքի տեսուչ՝ Հայր Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ հայրենասիրութեան, ծառայութեան եւ զոհողութեան գաղափարները հաւաքական մեր կեանքի պահպանման ի խնդիր եւ «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց ձեռնարկը:
Բի՜ւր յարգանք ձեզի, նահատա՛կ ընկերներ:
Թղթակից