“Երկիր Մետիա”._Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութիւնը հաստատած է Շուշիի մօտ ատրպէյճանական զինուժին կողմէն հայ բնակիչի սպանութիւնը եւ միւսերու վիրաւորումը։ Այդ մասին ըսուած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Արցախի Հանրապետութեան ռուսական խաղաղապահ զօրամիաւորման պաշտօնական տեղեկագիրին մէջ։ Նշուած է, որ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ արձանագրուած է հրադադարի խախտում։ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան տեղեկագիրին մէջ ըսուած է, որ 8 Նոյեմբերին Մոսկուայի ժամով 13։40-ին (Երեւանի ժամով` 14.40-ին) Շուշիի շրջանի ատրպէյճանական կողմէն կրակոցներ արձակուած են Արցախի Հանրապետութեան մէջ աշխատանքային խումբի չորս անձերէ բաղկացած աշխատողներ, որուն հետեւանքով մէկ մարդ սպանուած է, 3-ը՝ վիրաւորուած։ «Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու հետ միատեղ դէպքին հետաքննութիւնը կ’իրականացնէ», ըսուած է Ռուսիոյ ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ: Յիշեցնենք, որ Շուշի քաղաքի մօտակայ խաչմերուկին ատրպէյճանական կողմէն կրակոցներ արձակուած են տուեալ վայրի մէջ ջրատար խողովակներու վրայ աշխատանքներ կատարող քաղաքացիական անձերու վրայ: Մահացած էր 22-ամեայ հայ քաղաքացի, 3-ը վիրաւորուած է. Հանրապետական բժշկական կեդրոն տեղափոխուած Գէորգ Մելքումեանի (ծնեալ 1990_ին) վիրահատութիւնը աւարտած էր բարեյաջող: Միւս 2 վիրաւորուողներու՝ Արմէն Սարգսեանի (ծնեալ 1980_ին) եւ Գագիկ Ղազարեանի (ծնեալ 1978_ին) վիճակը բժիշկները միջին ծանրութեամբ բնորոշած են: