“Եիկիր”._ԱՄՆ Պետական բաժինի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով Բիւրօն դատապարտած է Շուշիի մօտ հայ խաղաղ բնակիչին սպանութիւնը։ «Մենք կը դատապարտենք բռնութիւնը, որ հանգեցուցած է հայ խաղաղ բնակիչի մահուան։ Մենք կոչ կ’ուղղենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին աշխուժացնել փոխգործակցութիւնը՝ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջոցով՝ Արցախի Հանրապետութեան հակամարտութեան հետ կապուած կամ անկէ բխող բոլոր չլուծուած հարցերը լուծելու համար», ըսուած է Twitter-ի գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ։ Յիշեցնենք, որ 8 Նոյեմբերին ԱՀ Զինեալ Ուժերու ծառայողը ահաբեկչութիւն իրականացնելու նպատակով, Շուշիի մերձակայքը ատրպէյճանական կողմի հսկողութեան տակ գտնուող տարածքէն գացած է դէպի Շուշի-Բերձոր ճանապարհ եւ կրակած է բանուորներու խումբին վրակ, որոնք կը վերանորոգէին ջրատարը, յայտնած է Արցախի ՔԿ-ն։ Ստեփանակերտ քաղաքի բնակիչ, 1998_ին ծնեալ Մարտիկ Երեմեան գլխի շրջանին ստացած վերքերէն տեղւոյն մահացած է։ Գէորգ Մելքումեան, Գագիկ Ղազարեան եւ Արմէն Սարգսեան հրազէնային վնասուածքներ ստացած են։