Չորեքշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Մխթար Թալոպրտիի համաձայն, Սուրիոյ շուրջ Ասթանայի հովանաւոր պետութիւններու՝ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յառաջիկայ ժողովը տեղի ունենայ Դեկտեմբեր ամսուն։ Ղազախցի նախարարը ըսաւ. «Մենք հրաւէր ղրկեցինք բոլոր մասնակցող կողմերուն։ Այժմ անոնցմէ վերջնական պատասխան կը սպասենք, որպէսզի ժողովին թուականը ճշդուի»: Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ շուրջ Ասթանայի միջազգային 16 ժողով գումարուած է, վերջինը նախորդ Յուլիս ամսուն՝ Ղազախստանի Նուր Սուլթան մայրաքաղաքին մէջ։ Ասթանայի ժողովներու եզրափակիչ հաղորդագրութիւները կը շեշտէին Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը եւ դաւադրական ծրագիրներուն խափանումը։