-Երկուշաբթի, 8 Նոյեմբերին, Դամասկոսի հիւանդանոցի տնօրէն տոքթ. Օմար Եահեաուի ՍԱՆԱ-ի թղթակիցին հաղորդեց, որ վերջերս հիւանդանոցը «սեւ սունկ»ի ժահրով վարակուածներուն բաժին մը յատկացուցած է։ Անոր համաձայն, «սեւ սունկ»ով վարակուածներու յատուկ բաժինը կ՚ընդգրկէ 20 անկողին, սակայն կարելի է բազմացնել ըստ պարագաներուն թիւին։ Վերջին 15 օրուան ընթացքին, հիւանդանոց հասած են 17 վարակուած պարագաներ, ոմանք կը տառապին նաեւ շաքարախտէ, ուրիշներ դիմադրողականութեան տկարութենէ, ոմանք ալ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներ են։ Տոքթ. Եահեաուի յայտնեց, որ վարակուածներուն 50%-ը բուժուած է, իսկ մահացածներուն թիւը շուրջ 20%- է։ Ան շեշտեց, որ բուժումը կանուխ յայտնաբերումէն կախեալ է։ Ան թելադրեց բանջարեղէնն ու պտուղները լաւապէս լուալ նախքան ուտելը, որովհետեւ այս ժահրը անձէ-անձ չի փոխանցուիր,այլ՝ պտուղներու եւ բանջարեղէններու ճամբով կը տարածուի: