Չորեքշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ նոր հրամանագիրներ հրապարակեց, որուն համաձայն Լաթաքիոյ, Իտլիպի, Սուէյտայի եւ Տարաաի նոր նահանգապետներ նշանակուեցան։ -2021-ի «347» թուակիր հրամանագիրին համաձայն, Իպրահիմ Խըտըր Սալէմի կը դադրի Լաթաքիոյ նահանգապետի պաշտօնէն, զինք կը փոխարինէ Ամէր Իսմայիլ Հիլալ։ -2021-ի «348»թուակիր հրամանագիրին համաձայն, Մուհամմէտ Նաթթուֆ կը դադրի Իտլիպի նահանգապետի պաշտօնէն, զինք կը փոխարինէ Սահեր Նասէհ Սալհապ։ -2021-ի «349»թուակիր հրամանագիրին համաձայն, Հումամ Սատէք Տպէյաթի կը դադրի Սուէյտայի նահանգապետի պաշտօնէն, զինք կը փոխարինէ Նումէյր Հապիպ Մախլուֆ։ -2021-ի «350»թուակիր հրամանագիրին համաձայն, Մարուան Իպրահիմ Շարպաքի կը դադրի Տարաաի նահանգապետի պաշտօնէն, զինք կը փոխարինէ Լուայ Խարիթա։