ԻՄԱՆԱՆՔ ԵՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԻՆՔ
Անց­նող ամիս­նե­րուն, կալ­ուած­նե­րու առու­ծա­խին վե­րա­բե­րող, պե­տա­կան տուր­քե­րու ու գոր­ծարք­նե­րու փո­խար­ժէ­քի բարձ­րաց­ման (սղա­ճի) եւ դրա­մա­տան ճամ­բով կալ­ուա­ծի գի­նէն բա­ժին մը (հինգ միլի­ոն սուր­ի­ա­կան ոս­կի) վա­ճա­ռո­ղին յանձ­նե­լու ձե­ւա­չա­փին առն­չուող նոր օրէնք­նե­րուն հե­տե­ւան­քով, մար­դիկ սկ­սան հե­տաքրքր­ուիլ առու­ծա­խի փո­խա­րէն շնորհ­ման ճամ­բով   կալ­ուա­ծա­տէ­րի փո­փո­խու­թիւն կա­տա­րե­լու կա­րե­լիու­թեան մա­սին:
Շատ բա­րի, կա­րե­լի է այս ձե­ւը գոր­ծադ­րել եւ խու­սա­փիլ շա­րան մը ծախ­սե­րէ, սա­կայն այս մի­ջո­ցը ու­նի իր պայ­ման­նե­րը, որոնք ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք.
ա.-Սե­փա­կա­նա­տէ­րը կալ­ուա­ծին տէ­րը պի­տի ըլ­լայ միայն սե­փա­կա­նա­գի­րի (կա­նաչ թա­փու) կամ նօ­տա­րա­կան վա­ւե­րա­գի­րի   հի­մամբ:
բ.-Կալ­ուա­ծը ստա­ցո­ղը պէտք է յայտ­նէ իր հա­մա­ձայ­նու­թիւնը կալ­ուա­ծը որ­պէս շնոր­հում ստա­նա­լու:
գ.-Շնոր­հու­մը պէտք է օրի­նա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն ու­նե­նայ հա­մա­պա­տաս­խան բա­նա­ձե­ւու­մով:
դ.-Յս­տակ ըլ­լայ եր­կու կող­մե­րու մի­ջեւ կա­պը (եթէ ազ­գա­կա­նա­կան է, ապա ո՞ր կար­գի կամ այլ):
ՇՆՈՐՀ­ՄԱՆ ԳՈՐ­ԾԱՐ­ՔԻ ԹՂ­ԹԱԾ­ՐԱ­ՐԻ ԲՈ­ՎԱՆ­ԴԱ­ԿՈՒ­ԹԻՒՆ
Շնոր­հու­մի պայ­ման­նե­րը ամ­բող­ջա­նա­լէ ետք հար­կա­ւոր է պատ­րաս­տել հե­տեւ­եալ գի­րե­րէ բաղ­կա­ցած թղ­թած­րա­րը.
1-Կալ­ուա­ծա­յին յայտ
2-Ելեւմ­տա­կան յայտ
3-Ելեւմ­տա­յին ան­դոր­րա­գիր
4-Տուր­քա­հա­ւա­քի ան­դոր­րա­գիր
 5-Ապա­հո­վա­կան ար­տօ­նա­գիր
6-Շնորհ­ման ան­դոր­րա­գիր
7-Ար­ձա­նագ­րու­թեան դի­մում
8-Պայ­մա­նա­գիր (ութ օրի­նակ)
9-Ըն­տա­նե­կան յայտ (ազ­գա­կան­նե­րու մի­ջեւ եղած շնոր­հու­մի պա­րա­գա­յին)։
Փաստաբան  Մարիա Գաբրիէլեան