Դիւ­թիչ, գրա­ւիչ կի­նը կա­րե­լիու­թիւն ու­նի իր  նե­րաշ­խար­հի իւ­րա­յատ­կու­թիւնը եւ անկրկ­նե­լիու­թիւնը ար­տա­յայ­տել՝ շնոր­հիւ ճիշդ ընտ­րած երե­կոյ­եան զգես­տին:
Իրա­կա­նու­թեան մէջ հա­գուս­տը ընդ­հան­րա­պէս ու­նի հե­տեւ­եալ առանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը՝ կը ծա­ծկէ մար­մի­նին մեր­կու­թիւնը, կը ստեղ­ծէ որո­շա­կի զու­ար­ճանք հագ­նո­ղին եւ կը ծա­ռա­յէ որ­պէս վա­յել­քի մի­ջոց:
Կաս­կա­ծէ դուրս է, որ հե­տաքրք­րա­կան կեր­պա­րի ստեղ­ծա­գոր­ծու­մը անհ­րա­ժեշտ է, ինչ­պէս անհ­րա­ժեշտ են ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան միտքն ու անս­պառ երեւակա­յու­թիւնը, որով­հե­տեւ միայն գե­ղե­ցիկ ու նո­րա­ձեւ երե­կոյ­եան զգեստ կրե­լով կա­րե­լի չէ ընդգ­ծել ձեր ինք­նա­տի­պու­թիւնը:
Փայլփ­լուն Զգեստ
Նկա­տած էք ան­շուշտ, որ մցա­նա­կա­բաշ­խում­նե­րու, հան­դի­սա­ւոր  արա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, ֆիլ­մար­ուես­տի աստ­ղե­րը  կար­միր գոր­գին վրա­յէն կ’անց­նին շո­ղա­լով, ոսկիի  կամ ար­ծա­թի փայլ­քով: Ոճա­բան­ներ բարձր կը գնա­հա­տեն նա­եւ թան­կար­ժէք մե­տաղ­ներն ու քա­րե­րը եւ օգ­տա­գոր­ծե­լով զա­նոնք գու­նա­յին խա­ղե­րու ստեղծ­ման մէջ՝ կը պատ­րաս­տեն հի­աս­քանչ զգեստ­ներ:
Այս­պէս որ նմա­նա­տիպ գե­ղե­ցիկ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին հա­մար­ձա­կօ­րէն կր­նաք փայ­լիլ՝ կրե­լով փայլփ­լուն քա­րե­րով ու թան­կար­ժէք զար­դա­րանք­նե­րով զգեստ­ներ:
Արա­բա­կան կարգ մը եր­կիր­նե­րու մէջ նման զգեստ­նե­րը կը կրեն ոսկի­ով զար­դար­ուած կամ աշ­խատց­ուած բա­ժին­ներ:
Կարճ Սեւ Զգեստ
Կարճ սեւ հա­գուս­տը կը նմա­նի անու­շա­հո­տի մեղմ բոյ­րին, որ մի­ա­ժա­մա­նակ կր­նայ ե՛ւ գայ­թակ­ղեցնել ե՛ւ դի­մա­ցի­նին ու­շադ­րու­թիւնը գրա­ւել: Առեղծ­ուա­ծա­յին եւ շքեղ սեւ երան­գով զգես­տը հի­նէն ի վեր ան­փո­խա­րի­նե­լի դար­ձած է շատ մը կի­նե­րու հա­մար:
Երե­կոյ­եան Զգեստ Պաշ­տօ­նա­կան Առիթ­նե­րու Հա­մար
Ըն­դու­նե­լու­թիւն­նե­րու, բա­րե­գոր­ծա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու, երե­կոյ­եան եւ հա­սա­րա­կա­կան այլ առիթ­նե­րու հարկ է  ներ­կա­յա­նալ մի­ա­գոյն, նուրբ եւ գե­ղե­ցիկ գործ­ուած­քով կար­ուած երե­կոյ­եան զգես­տով: Ան պէտք չէ ըլ­լայ շատ կիպ՝ նեղ, այլ միայն նր­բօ­րէն պէտք է ուր­ուագ­ծէ ձեր մար­մի­նը: Իսկ առեղծ­ուա­ծա­յին տես­քը կա­րե­լի է ապա­հո­վել խո­րունկ լան­ջա­բաց­ուած­քի օգ­նու­թեամբ: Կա­րելի չէ երե­կոյ­եան զգես­տը պատ­կե­րաց­նել առանց զար­դի, սա­կայն զար­դե­ղէ­նը պէտք է չա­փա­ւոր ըլ­լայ:
Գե­ղե­ցիկ Հա­գուստ 40-էն Վեր Տա­րիք Ու­նե­ցող Կա­նանց Հա­մար
– Ի՞նչ պէտք է հագ­նին աւե­լորդ ծան­րու­թիւն ու­նե­ցող կի­նե­րը, որ­պէս­զի աւե­լի փար­թամ տեսք չու­նե­նան:
Այս տա­րի­քին գի­րու­թե­նէ տա­ռա­պող կի­ներ որոշ սխալ­ներ կը գոր­ծեն երբ կ’ընտ­րեն.
-Երի­տա­սար­դա­կան հա­գուստ
-Առանց կրունկ­նե­րու կօ­շիկ­ներ
-Մեծ պա­յու­սակ­ներ
-Առատ զար­դեր
-Խայ­տաբ­ղէտ գոյ­ներ
-Աւե­լորդ պա­յու­սակ­ներ
-Շատ փայլփ­լուն զգեստ­ներ:
Անոնք պէտք է ընտ­րեն իրենց մար­մի­նին վա­յե­լող զգես­տը, պայ­ման չէ, որ նո­րա­ձեւ ըլ­լայ ան, այլ պէտք է ծած­կէ մար­մի­նին աւե­լորդ ճար­պե­րը:
Նա­խընտ­րե­լի է դա­սա­կան շա­պի­կը,  կամ  փէշ-բակ­ճո­նը՝ պաշ­տօ­նա­կա­նու­թիւն պա­հե­լու եւ աւե­լի գե­ղե­ցիկ տեսք մը ու­նե­նա­լու հա­մար:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան