Կիրակի, 21 Նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան ծովափնեայ շրջանին իր տուած հովուական այցելութեան երրորդ օրը այցելեց ՍՕ Խաչի կեդրոն, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի գայլ-սկաուտ միաւորներուն, շեփորախումբին եւ հոծ հայութեան կողմէ։
ՍՕԽ-ի «Շուշի» Մասնաճիւղի Վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ կոկիկ յայտագիր մը։
Յայտագիրը սկսաւ ՍՕ Խաչի «Շուշի» Մասնաճիւղի ատենապետուհի Սոնա Նազարեանի խօսքով: Ան բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր եւ հիւրերուն, ապա ՍԵՄ-ի «Կայծակ» Մսնճ.-ի եւ Ս.Պ.Մ. «Արցախ» Մսնճ.-ի ընկերները ասմունքեցին հայերէն բանաստեղծութիւններէ հատուածներ, իսկ Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» Մսնճ.-ի «Գեղարդ» պարախումբը ներկայացուց «Մախմուր Աղջիկ» պարը: Երիտասարդ մեր տղաքն ու աղջիկները մշակութային այս միջավայրին՝ Համազգայինին մէջ իրենց
սորված լաւագոյնը փորձեցին ներկայացնել:
Աւարտին սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը արտասանեց, գնահատելով բոլորին ուժն ու կորովը եւ շեշտեց ազգային գիտակցութեան կարեւորութիւնը ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ մեր ինքնութիւնը պահելու եւ գործուն հաւաքականութիւն դառնալու համար։