20 Նոյեմբերին սկսած «ազատագրական շարժում» խորագիրով բողոքի եւ անհնազանդութեան ցոյցերը կը շարունակուին մայրաքաղաք Երեւանի մէջ: «Ազատագրական շարժման» անդամները կ՛ընդգծեն, որ իրենց նպատակն է թոյլ չտալ թշնամիին միջանցք տրամադրել, կանխել սահմանագծման և սահմանազատման հակահայկական ծրագիրը, այդ կարգին՝ պահանջելով հրապարակել ստորագրման ներկայացուած փաստաթղթերը։ Ցոյցերու կազմակերպիչ Նայիրի Հոխիկեանի խօսքով՝ իրենք կը պայքարին յանուն պետականութեան եւ հրապարակին մէջ պայքարողներուն թիւը պէտք է աւելնայ՝ կանխելու համար պետականութեան կործանումը, խուսափելու համար նոր կորուստներէ։