Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը Ռուս­իոյ տե­ղե­կա­ցու­ցած են առանց նա­խա­պայ­ման­նե­րու Թուրք­իոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման հո­լո­վոյ­թի սկ­սե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան մա­սին: Այս մա­սին ԹԱՍՍ լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թեան հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ըսած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Վա­հան Յու­նան­եան.
«Շարք մը մի­ջազ­գա­յին գոր­ծըն­կեր­ներ, նե­րառ­եալ՝ մեր դաշ­նա­կից Ռուս­ի­ան,  յայ­տա­րա­րած են, որ պատ­րաստ են աջակ­ցե­լու հայ-թր­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման հո­լո­վոյ­թին: Եւ մեր ռուս գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ քն­նար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին մենք տե­ղե­կա­ցու­ցած ենք, որ պատ­րաստ ենք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման՝ առանց նա­խա­պայ­ման­նե­րու: Եւ երբ հո­լո­վոյ­թը սկ­սի, մենք հան­րու­թիւնը պի­տի տե­ղե­կաց­նենք իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման մա­սին», ըսած է բան­բե­րը:
Յու­նան­եա­նի հա­մա­ձայն, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան ծրա­գի­րին մէջ ար­ձա­նագր­ուած է, որ Հա­յաս­տա­նը միշտ պատ­րաստ եղած է առանց նա­խա­պայ­ման­նե­րու կար­գա­ւո­րե­լու Թուրք­իոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: «Նոյն ատեն կ’ու­զեմ ընդգ­ծել, որ ներ­կայ պա­հուս Թուրք­իոյ հետ որե­ւէ բա­նակ­ցու­թիւն չի վար­ուիր», աւել­ցու­ցած է ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բե­րը: