ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը հաղորդած է, որ ստորեւ յայտարարութեամբ` Արցախի եւ Սփիւռքի աւելի քան 20 երկիրներու մէջ գործող երիտասարդական, ուսանողական, մարզական, եկեղեցական, հասարակական-քաղաքական եւ մշակութային միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, կը միանան Հայաստանի մէջ թափ առած դիմադրութեան շարժումին:

Ստորագրահաւաքը կը շարունակուի, դիմադրութեան շարժումին միացող կազմակերպութիւնները կրնան դիմել իրենց շրջանի ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Ուսանողական Միութիւններուն:

Նկատի առնելով, հայկական պետութեան կործանման վտանգը ու Արցախի եւ Սիւնիքի կորուստը կասեցնելու հրամայականը` Հայ Երիտասարդութիւնը կը դիմէ համազգային դիմադրութեան, որ հետեւողական պայքարի շնորհիւ պիտի առաջացնէ երկար սպասուած արժեհամակարգային յեղափոխութիւնը:

Նկատի ունենալով,

  • թուրք-ատրպէյճանական փանթուրանական քաղաքականութիւնը, որ միտում ունի մէկընդմիշտ տարածաշրջանի քարտէզէն ջնջելու Արցախի ու Հայաստանի Հանրապետութիւնները,
    • ՀՀ ապազգային, դաւադիր իշխանութիւններուն ընթացքը, որ առաջնորդուած է միակողմանի զիջումներով` կարծեցեալ խաղաղութեան հասնելու քաղաքականութեամբ,
    • Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական փակուղին եւ այն իրականութիւնը, որ ՀՀ Ազգային ժողովի ընդդիմութեան ծաւալած գործունէութեան կողքին անհրաժեշտ է դիմել բազմաճակատ պայքարի`

Հայ երիտասարդութիւնը որոշած է չյարմարիլ այս իրականութեան, այլ` մեկնարկել համազգային երիտասարդական դիմադրութեան շարժում` պայքարի հինգ հիմնական ճակատներով․

  1. Ամէնուրեք թափ հաղորդել հակաթուրք եւ հակաատրպէյճանական պայքարին,
    2. Գերտէրութիւններուն հասցնել այն պատգամը, որ իրենց ծրագիրները չեն կրնար իրականացնել Հայաստանի եւ հայութեան ազգային-պետական շահերու հաշւոյն,
    3. Կտրուկ քայլերով մերժել ՀՀ իշխանութիւնները պառակտող ու պետականակործան քաղաքականութիւնը,
    4. Պայքարիլ Արցախը հայաթափելու, Հհ-էն ու Սփիւռքէն անջատելու ատրպէյճանա-թրքական փորձերուն եւ Սիւնիքէ արտագաղթի հոսանքին դէմ․

Սիրելի՛ երիտասարդներ,

Կոչ կ’ուղղեմ բոլորիդ` միանալու այս շարժումին այս ճակատագրական օրերուն, բոլորս` իրաւունք չունինք մատնուելու յանցաւոր անգործութեան: Զարթօնքի եւ ազգային անկումը վերելքի վերածելու պահը հիմա՛ է:

Յայտարարութիւնը ստորագրող կազմակերպութիւններ:

  • «Միացեալ Հայաստան» ԵՀԿ Արցախ
    • ԱԺԿ Երիտասարդական թեւ Արցախ
    • ՀՅԴ Արցախի «Արամ Մանուկեան» ուսանողական միութիւն Արցախ
    • ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւն Արցախ
    • «Արդարութիւն» կուսակցութէան երիտ. Պատասխանատու Արցախ
    • «Ապառաժ Երիտասարդական Միութիւն» ՀԿ Արցախ
    • Հաւասար հնարաւորութիւն ՀԿ Արցախ
    • «Դէպի Արարատ» կրթական մշակութային միութեան երիտասարդական գրասենեակ Ռուսաստան
    • Երիտասարդ քաղաքագէտների Հայկական Ասոցիացիայ Ռուսաստան
    • ՀՄԸՄ Ռուսաստան Ռուսաստան
    • ՀՅԴ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութիւն Սուրիա
    • ՀՅԴ Քրիստափոր Ուսանողական Միութիւն Սուրիա
    • Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւն Սուրիա
    • ՀՄԸՄ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւն Սուրիա
    • Հայ Երիտասարդաց Միութիւն Սուրիա
    • Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտներու Միութիւն Սուրիա
    • Ն. Ջ. Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան Սկաուտական միաւոր (Նոր Ջուղայի Հայ Մարզա֊մշակութային «Արարատ» միութեան Սկաուտական միաւոր) The Scout unit of «Ararat» cultural and sports Union of Nor Jugha Իրան
    • Հ.Յ.Դ «Ռուբէն» Երիտ. Միութիւն The Armenian Revelutionary Federation’s «Rouben» Youth Union Իրան
    • ՀՅԴ Ռոստոմ երիտասարդական միութիւն – Ayf tehran Իրան
    • ՀՅԴ Յովնան Դաւթեան Ուսանողական միութիւն Իրան
    • ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն – Zavarian Student Association Լիբանան
    • ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւն -LEM Լիբանան
    • Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Հայկական Ակումբ – Lebanese Armenian Heritage Club Լիբանան
    • Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի Հայկական Ակումբ – Պէյրութ․ Armenian Club – Lebanese American University – Beirut Լիբանան
    • Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի Հայկական Ակումբ – Ժպէյլ․ Armenian Club – Lebanese American University – Jbeil Լիբանան
    • ,սեն Ժոզեֆէ Համալսարանի Լիբանանահայ Ուսանողներ – Lebanese Armenian Students of Saint Joseph University Լիբանան
    • Լիբանանի Միջազգային Համալսարանի Հայկական Ակումբ – Lebanese International University Armenian Club Լիբանան
    • Լիբանանի Պետական Համալսարանի Հայկական Ակումբ – Lebanese University Armenian Club Լիբանան
    • «Նօթր Տամ» Համալսարանի Հայկական Ակումբ -Lebanese Armenian Club – Notre Dame University Լիբանան
    • Հայկազեան Համալսարանի Լիբանանահայ Ուսանողներ – Lebanese Armenian Students of Haigazian University Լիբանան
    • Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան – ԵՌԱԿ Մ. – Armenian Democratic Liberal Party Youth Union Լիբանան
    • Պորտուգալեան Երիտասարդական Ուսանողական Ակումբ – Portugalian Youth & Students’ Club Լիբանան
    • ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտներ – Scouts of Homenetmen Lebanon Լիբանան
    • Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւն – Armenian Church University Students’ Association Լիբանան
    • ՀԲԸՄ- Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւն – AGBU-Armenian Youth Association Լիբանան
    • ՀՅԴ Քուէյթի Քրիստափոր Երիտասարդական Միութիւն Քուէյթ
    • Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Քուէյթի Մեկուսի Մասնաճիւղ Քուէյթ
    • Համազգայինի Քուէյթի Մեկուսի Կազմ Քուէյթ
    • ՀՅԴ Հոլանտայի Երիտասարդական Միութիւն Հոլանտա
    • ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւն Յունաստան
    • ՀՅԴ Կիպրոսի Երիտասարդական Միութիւն Կիպրոս
    • Րաֆֆի Հայ Մշակութային Միութիւն – Raffi armenisk kulturfփrening Շուէդիա
    • Արարատ Հայկական Միութիւն – Ararat Armeniska fփreningen Շուէդիա
    • Թրոլհետտանի հայկական մշակութային միութիւն: Շուէտ
    • ՀՅԴ Շուէտ Երիտասարդական Միութիւն Շուէդիա
    • ՀՄԸՄ Շուէտ– HMEM Sweeden Շուէդիա
    • ՀՅԴ Լոնտոնի Խանասոր Երիտասարդական Միութիւն – AYF London Khamasor Անգլիա
    • Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան Համալսարանի Հայկական Ընկերութիւն – London school of economics Armenian Society Անգլիա
    • ՀՄԸՄ Լոնտոն – HMEM London Անգլիա
    • ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութիւն Ֆրանսա
    • ՀՅԴ Պելճիքայի Երիտասարդական Միութիւն Պելճիքա
  • Եորքի Համալսարանի Հայ Ուսանողներու Միութիւն -Armenian Student Association – York University Քանատա
    • Մոնթրէալի Համալսարանի Հայ Ուսանողներու Միութիւն – Association des լtudiants Armռniens de l’Universitռ de Montrռal Քանատա
    • Քոնքորտիոյ Հայ Ուսանողական Միութիւն -Concordia Armenian Students’ Union Կանադա
    • ՀՄԸՄ Քանատայի Շրջանային Վարչութիւն Կանադա
    • Համազգային Քանատա – Hamazkayin Canada Կանադա
    • ՀՅԴ Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութիւն – Armen Karo Student Association Քանատա

• ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութիւն Քանատա
• ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի ՀՅԴ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն ԱՄՆ
• ՀՄԸՄ ԱՄՆ Արեւելեան ԱՄՆ
• ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի ՀՅԴ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն ԱՄՆ
• ՀՅԴ Շանթ Ուսանողական Միութիւն ԱՄՆ
• Չեպմընի Հայ Ուսանողների Միութիւն – Chapman Armenian Student Association ԱՄՆ
• Քալիֆորնիոյ Պետական Համալսարանի Լոնկ Պիչի Հայ Ուսանողներու Միութիւն – California State University
Long Beach Armenian Student Association Ամն
• Հարաւային Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Հարաւային Ամերիկա
• Հարաւային Ամերիկայի ՀՄԸՄ Շրջանային Վարչութիւն Հարաւային Ամերիկա
• ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւն Աւստրալիա