«Երկիր».-Ատրպէյճանի ներքին զօրքերու երկու զինուորական ծառայող Արցախի` 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած Վարանդայի (Ֆիզուլի) շրջանին մէջ ականի մը պայթումին հետեւանքով վիրաւորուած են: Այս մասին յայտարարած է Ներքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էհսան Զախիտով:

Ան յայտնած է, որ այս դէպքը տեղի  ունեցած է Շուքուրպէյլի գիւղին մէջ:

Վարանդայի շրջանին մէջ հաստատուած ներքին զօրքերու N զօրամասի երկու զինուորական ծառայող ծառայութեան ընթացքին վիրաւորուած են հակահետեւակային ականի պայթումէն: Անոնք հիւանդանոց փոխադրուած են: