Չորեքշաբթի, 1 Դեկտեմբերին, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հետ գործակցաբար, ՀՀ Մաէդասիրական կեդրոնին կողմէ Հալէպի բուժհաստատութիւններուն փոխանցուեցաւ աւելի քան 3,5 թոննոց բժշկական եւ առողջապահական պարագաներ: Առողջապահութեան ոլորտի պատասխանատուները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին հայ բժիշկներուն` տրամադրուած բժշկական պարագաներուն, ինչպէս նաեւ` «Հայ Ծերանոց», «Դարմանատուն», ընկերաբժշկական կեդրոններուն մէջ եւ շարք մը այլ բուժհաստատութիւններուն մէջ ցուցաբերուած բժշկական ամէնօրեայ աջակցութեան համար: Անոնց խօսքին համաձայն, հայ եւ սուրիացի բժիշկները միատեղ ջանքեր գործադրած են տուժածներուն օգնելու համար: Այսպիսով, հակառակ Հալէպի մէջ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին առնչուող շարք մը սահմանափակումներուն եւ դժուարութիւններուն, Հայաստանի Մարդասիրական առաքելութեան խումբը բարձր մակարդակով կը շարունակէ իրականացնել իր աշխատանքները։