Բաղադրութիւն
-1 հատ կանաչ ծաղկակաղամբ (կէս խաշուած)
-1 քիլօ մանր լոլիկ
-1/4 քիլօ կանաչ լուբիա (կէս խաշուած)
-2 հատ դեղին կամ նարնջագոյն պղպեղ
-Մայոնէզ
Պատրաստութիւն
Նկարին համաձայն, հաւկթաձեւ, ճերմակ պնակի մը մէջ տօնածառի ձեւով շարեցէ՛ք նախ կանաչ ծաղկակաղամբը, ապա կողմերը տեղադրեցէ՛ք խաշուած կանաչ լուբիան, իսկ վրան տեղաւորեցէ՛ք մանր լոլիկները: Դեղին պղպեղը շերտերու վերածելով օգտագործեցէ՛ք որպէս ծառին լոյսերն ու վերեւի աստղը: Հրամցուցէ՛ք մայոնէզով:
Բարի ախորժակ: