Նոր տարուան տօնին մասին եօթը հիմնական աւանդոյթներ գոյութիւն ունին:
6- Պոլշեւիկները 18 տարի արգիլեցին տօնածառ դնելը:
1917-ի յեղափոխութենէն ետք, երբ պոլշեւիկները իշխանութեան հասան, պատիւ համարեցին իրենց քաղաքացիներու կրօնական մտածողութեան դէմ պայքարը: Այդ իսկ պատճառով Սուրբ Ծննդեան տօնը չեղեալ յայտարարեցին մինչեւ 1936 թուական:Աթէիստական մտածողութիւնը պարտադրուած էր բոլորին:
18 տարի ետք, Ստալին որոշեց վերականգնել այս տօնը:
Տօնածառը դարձաւ Ամանորի համաշխարհային խորհրդանիշը,իսկ  Բեթլեհէմի աստղը՝ կարմիր բանակի խորհրդանիշը համարուեցաւ:
7- Ձիւնանոյշին նախատիպը սլաւոնական աստուածուհիի մը կերպարն է:
Ուրիշ ոչ մէկ մշակոյթի մէջ կը գտնենք Ձիւնանոյշին կերպարը: Կան թզուկներ, վհուկներ եւ այլն, սակայն ձմեռ պապուկի թոռնուհին ռուս հեղինակներուն գիւտն է: Զայն ստեղծողը կը համարուի Օստրովսկին, որ առաջին անգամ յիշատակեց այս կերպարը իր հեքիաթին մէջ: Սակայն ինք ալ ոգեշնչուած էր՝ ուսումնասիրելով հին սլաւոնական առասպելները, որոնց մէջ գարնան եւ պտղաբերութեան աստուածուհիներէն մէկը՝ սպիտակ զգեստով, երիտասարդ գեղեցկուհի Քոսթրոման էր:
 Փաստօրէն Ձիւնանոյշին կերպարը աւելի հին է քան Կաղանդ Պապուկինը:
(շար.2 եւ վերջ)
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան