2 Դեկտեմբեր 2021-ին, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը արժանացաւ սուրիացի հանրածանօթ մտաւորական Խէյր Ատտին ալ Ասատի մահուան 50-րդ տարելիցին նուիրուած մշակութային ժառանգութեան պահպանման 7-րդ մրցանակին՝ Հալէպի մէջ հայկական ազգային ժառանգութեան պահպանման համար։
Այս առիթով կազմակերպուած մրցումի ժիւրիի անդամ Նահետ Քուսա կը գրէ.
«Նախորդ դարասկիզբին, հալէպահայ կանայք «Հասարակութենէ հասարակութիւն» կարգախօսը կեանքի կոչեցին, երբ իրենց եղբայրները՝ տեղահանուած հայերը, Հալէպ ընդունեցին եւ իրենց տուներն ու դռները բացին անոնց դիմաց։
Անոնք խնամեցին կիներն ու երեխաները, հայկական ժառանգութիւնը պահպանեցին եւ զայն սերունդէ-սերունդ փոխանցեցին։
Այս նախաձեռնութիւնը զարգանալով 1919-ին վերածուեցաւ կազմակերպ համախումբ աշխատանքի՝ միութեան, որ կը հետաքրքրուէր նոր գաղթականներու հարցերով եւ անոնց օգնութիւն կը ցուցաբերէր, որպէսզի շուտով համարկուին նոր միջավայրին մէջ եւ պահպանեն իրենց նախնիներուն աւանդոյթները։
Միութիւնը կոչուեցաւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչ, որ քոյր մասնաճիւղեր ունի սփիւռքի տարբեր համայնքներուն մէջ։
Միութեան նպատակն է.
-Պահպանել հալէպահայերու մշակոյթն ու ազգային ժառանգութիւնը։
-Իւրաքանչիւր տարի հայկական մշակութային շաբաթ կազմակերպել։
– Հայկական ձեռարուեստի՝ ինչպէս ասեղնագործութեան, կարի եւ այլ դասընթացքներ կազմակերպել, այս մշակոյթը սերունդէ-սերունդ փոխանցելու համար, որպէսզի նաեւ աշխատանքի առիթներ տրամադրուի հայ կնոջ։
Տեղին է յիշել, որ անցեալ տարի աւելի քան 50 կիներ աւարտեցին սոյն դասընթացքները եւ այժմ իրենց աշխատանքներով կը նպաստեն տեղական արտադրութեան զարգացման։
Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանին մէջ ունի ընկերաբժշկական կեդրոն մը, որուն ճամբով օգնութեան ձեռք կ՚երկարէ կարիքաւոր պարագաներու եւ կը քաջալերէ աշակերտներ՝ իրենց ուսումը շարունակելու համար
Ժիւրիի անդամները սերտելով յիշեալ տեղեկութիւնները, որոշեցին հարիւրամեայ լուռ ծառայութիւն ունեցող այս միութիւնը՝ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը պարգեւատրել «Խէյր Ատտին ալ Ասատի Մրցանակ»ով՝ Սուրիոյ մէջ հայութեան ազգ. ժառանգութեան պահպանման մէջ միութեան ունեցած դերին համար։
Յարգա՜նք ձեր ծառայութեան։
2 Դեկտեմբեր 2021
Ծնթ.։ 1960-ին, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը գրանցուած է Հալէպի ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի գրասենեակին մօտ։ Միութիւնը օգնութիւն կը ցուցաբերէ սուրիական ընկերութեան բոլոր տարրերուն, առանց խտրութեան, յատկապէս առողջապահական ոլորտին մէջ, շատ չնչին գումարի փոխարէն։
Իսկ 1987-ին, Նոր Գիւղի մէջ հիմնուեցաւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնը, որմէ ներս տարաբնոյթ ծառայութիւն կը մատուցուի Հալէպի ժողովուրդին»։