Կիրակի, 5 Դեկտեմբեր 2021-ին, հետաքրքրական նախաձեռնութեամբ մը բացումը կատարուեցաւ Արաբ Գրողներու Համախմբումին եւ Հալէպի Մշակոյթի Տնօրէնութեան կազմակերպած «Հայկական-Սուրիական Մշակոյթի Օրեր» խորագիրը կրող երեկոյթին, Հալէպի մշակութային կեդրոնէն ներս։
Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Սուրիական Արաբական Պաաս կուսակցութեան Հալէպի քարտուղարը:
Երեկոյթին նպատակը հայ գրականութեան վրայ լուսարձակ բանալն ու հայ-սուրիական գրական առնչութիւնները ներկայացնելն էր, յատկապէս սուրիացի գրողներու ստեղծագործութիւններուն մէջ հայուն կերպարին անդադառնալն ու սուրիահայ գրողներու արաբերէնի թարգմանուած կարգ մը գործերը արաբ հանդիսատեսին հրամցնելն ու այսպիսով երկու ժողովուրդներու մշակութային կապը խթանելն էր:
Այս միտքերը ողջոյնի խօսքով հրամցուցին Պաաս կուսակցութեան Հալէպի գրասենեակի պատասխանատու  Իմատ Ատտին Ղատպան, երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան ու արաբ գրողներու միութեան  Հալէպի գործադիր գրասենեակի անդամ դոկտ. Ֆարուք Սալիմ:
Բնական էր, որ երկու օրերու մէջ կարելի պիտի չըլլար ամբողջական անդրադարձ մը կատարել վերոյիշեալներուն, ուստի հայ եւ արաբ գրողներ սոսկ օրինակներ ներկայացուցին:
Առաջին օրը հանդէս եկան՝ գրող, թարգմանիչ դոկտ. Հուրի Ազէզեան, որ արաբերէնով ներկայացուց «Ակնարկ՝ Հին Հայկական Բանաստեղծութեան Վրայ» նիւթը օրինակներով, սկսելով Վահագնի նուիրուած գողթան երգերէն, հասնելով մինչեւ Ներսէս Շնորհալիի «Ողբ Եդեսիոյ» բանաստեղծութիւնը:
Հրապարակագիր Սալբի Գասպարեան ներկայացուց թուրք գրող Աիշէ Կիւլ Չիչէքի «Սեւ Պատանք» գիրքէն  արաբերէն մեկնաբանութեամբ մէջբերումներ, ուր կը ներկայացուին 10 հայ կիներու պատմութիւններ: Կիներ, որոնք թուրքերու կողմէ առեւանգուած եւ բռնի թրքացած են եւ հետագային իրենց զաւակներէն խնդրած, որ զիրենք սեւ պատանքներով փաթթեն ու թաղէն, իրենց ապրած սեւ կեանքին որպէս խորհրդանիշ: Ան շեշտը դրաւ հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու միացեալ թշնամիին՝ թուրքին բռնարարքներուն վրայ, շեշտելով որ երկու ժողովուրդներն ալ կը շարունակեն պայքարիլ իրենց իրաւունքներուն ձեռքբերման համար:
Այնուհետեւ տոքթ.Ղազար Պօղոս Հալէպի նուիրուած եւ արաբերէնի թարգմանուած իր բանաստեղծութիւններէն երկուքը արտասանեց, իսկ գրող Մարիանա Ղազարեան, ջութակի ընկերակցութեամբ «Ձայն Տուր, Ծա՛ռ» իր հեղինակային գիրքէն  արաբերէնի թարգմանուած բանաստեղծութիւններ հրամցուց:
Ընթացքին ՍՕԽ-ի պատրաստած «Հայկական Մշակոյթէն Պատառիկներ» խորագիրով տեսերիզը ցուցադրուեցաւ:
Երկուշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 5։00-ին «Հայկական-Սուրիական Մշակոյթի Օրեր»ուն երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ։ Գրական ելոյթները լուսարձակի տակ կ’առնէին «Հայերուն Դերը Սուրիոյ Մէջ»։ Սուրիոյ Արաբ Գրողներու Միութեան անդամ Ֆայսալ խրթաշ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Ապա բեմ հրաւիրեց դոկտ. Զուպէյտա ալ Քատին ներկայացնելու իր հեղինակային գիրքը «Խան ալ Զէյթուն»ը։ Դոկտ. Զուպէյտա մանրամասնօրէն ներկայացուց գիրքի իւրաքանչիւր բաժինը, որ կը պատմէր Հալէպի  արհեստներուն եւ արուեստներուն մէջ հայերու ներդրումին մասին: Ներդրում մը, որ օժտուած էր եղբայրասիրութեամբ:  Ապա անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայերու աննահանջ եւ ստեղծագործ երթին։
Այնուհետեւ Մուհամմատ Ճումաա Համատէ ներկայացուց Հաննա Մինայի «Ալ Ֆամ ալ Քարազի» գիրքը, ուր անդրադարձաւ հայերու զինուորական եւ կամաւորական ներդրումներուն Սուրիոյ ժողովուրդին մղած ազատագրական զանազան շարժումներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ Ալեքսանտրէթի եւ Պաղեստինի պահանջատիրական երթին մասնակցութեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ գրող Հաննա Մինայի գեղարուեստական յուշերը հայերու հետ հանդիպումներէ քաղուած։
Աւարտին տեղի ունեցաւ մտքերու փոխանակում։
Գրողներու եւ գրասէրներու սեղմ շրջանակի մասնակցութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկները երկու ժողովուրդներու մշակութային հարստութեանց վրայ լուսարձակներ բացին եւ գրողներու գործակցութեան ուղիներ ուրուագծեցին:
Ժիրայր Կարապետեան