«Էրմէնիհապեր».-Ներկայ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Վան նահանգի Տուշպա շրջանին մէջ 6 Դեկտեմբերին` ժամը 00:46-ի սահմաններուն մէջ երկրաշարժ  գրանցուած է:

4,9 մ. ուժգնութեամբ ստորգետնեայ ցնցումներ զգացուած են նաեւ յարակից Աղրը եւ Պիթլիս նահանգներուն մէջ: Երկրաշարժի կեդրոնը գտնուած է 7, 62 քմ խորութեան վրայ` Վանայ լիճի տարածքին մէջ:

Թուրքիոյ Պողազիչի համալսարանի Քանտիլի դիտակայանի երկրաշարժներու ուսումնասիրութեան հիմնարկի գնահատումով երկրաշարժը եղած է 5 բալ:

Թուրքիոյ աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման վարչութեան (AFAD) փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, առայժմ երկրաշարժի պատճառով լուրջ վնասներու մասին որեւէ հաղորդում չէ հասած: