ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը ՏԻՄ ընտրութիւններուն առնչութեամբ 5 Դեկտեմբերի 2021-ին հետեւեալ յայտարարութիւնը տարածած է

«Հայաստանի 36 մեծ համայնքներուն մէջ տեղի ունեցած ՏԻՄ համամասնական ընտրութիւնները գործող ազգակործան իշխանութիւններուն դիմադրելու հերթական կարելիութիւնն  էր: Գրանցուած յաջողութիւներուն առումով ՀՅԴ-ն ընդդիմադիր դաշտի առաջատար ուժն է: Կուսակցութիւնը` առանձնաբար եւ դաշինքներով, յաջողութիւն  գրանցած 18 համայնքներու մէջ եւ, դաշնակից ձեւաչափով, տեղական իշխանութիւն պիտի ձեւաւորի ՀՀ Շիրակի մարզի Ախուրեան համայնքին մէջ: Նախատեսուած է գործակցութիւն ծաւալել նաեւ այլ համայնքներու ընդդիմադիր, առողջ ուժերու հետ:

Ընտրութիւնները անցան լարուած, հակամրցակցային պայմաններու մէջ` պետական եւ տեղական իշխանութեան լծակներու եւ աղբիւրներու օգտագործումով, բազմապիսի ապօրինութիւններու եւ ճնշումներու պայմաններու մէջ: Ակնյայտ է` իշխանութիւնը պահպանելու եւ կեդրոնացնելու մոլուցքով տարուած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը կը փափաքի վտանգներով լեցուն իր քաղաքականութիւնը տեղայնացնել նաեւ համայնքներու մէջ: Սակայն, քաղաքացիներուն ու անոնց առաջնորդող ուժերու աշխոյժ դիմադրութիւնը ապացուցեց, որ երկիրը պատերազմի, կորուստներու եւ աղէտի առջեւ դրած իշխանութիւնը մերժուած է հանրութեան զգալի մասին կողմէն:

Տրուած քուէներուն եւ ցուցաբերուած աջակցութեան համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր հայրենակիցներուն եւ գործընկերներուն: Ապազգային իշխանութեան դէմ մեր պայքարը կը շարունակուի. ուժերը առաւել համատեղելու պարագային մեր հայրենիքին ու անոր զաւակներուն համար պիտի բացուին նոր կարելիութիւններ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին
06.12.2021»