«Երկիր».- ՀՀ եւ Ռուսիոյ ԱԳ նախարարները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող հարցերը: Կարեւոր համարուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական ու համապարփակ կարգաւորման նպատակով խաղաղ գործընթացի լիարժէք վերականգնումը:

Արարատ Միրզոյեան եւ Սերկէյ Լաւրով քննարկած են նաեւ 9 Նոյեմբերի 2020-ի, 11 Յունուար 2021-ի եւ 26 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւններով կողմերուն ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը:

Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէն հնչող ռազմատենչ յայտարարութիւնները եւ ուժի կիրառման սպառնալիքները լրջօրէն կը վտանգեն տարածաշրջանային կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը:

ՀՀ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են նաեւ «3+3» ձեւաչափին առնչուող, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային օրակարգի փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: