Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնած է, որ 8 Դեկտեմբերին Ատրպէյճանի Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ  բացած են Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանի հարաւ-արեւմտեան ուղղութեամբ հաստատուած ՀՀ ՊՆ N զօրամասի թիկունքային ապահովման (ջրատար) մեքենայի ուղղութեամբ: Տուժողներ չկան: