Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան հանրաքուէի, մարդու հիմնարար իրաւունքներու եւ Սահմանադրութեան օրուան առիթով 10 Դեկտեմբերին, առաջնորդուելով միջազգային իրաւունքի ձեւաչափերով՝ Արցախի ժողովուրդը համաժողովրդական հանրաքուէով վճռական «այո» ըսաւ արդէն հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի(Արցախի) Հանրապետութեան : Արցախի ժողովուրդի այդ քայլը վերարժեւորեց հայու արժանապատուութիւնը եւ իր հայրենիքին մէջ ազատ ապրելու կամքն ու վճռականութիւնը: 30 տարիներու ընթացքին, իբրեւ ժողովուրդի կամքի դրսեւորում, արցախահայութիւնը հայրենի հողին վրայ ստեղծած է համամարդկային արժէքներով ապրող ինքնիշխան, իրաւական եւ ընկերվարական պետութիւն: Ատրպէյճանի մշտական սպառնալիքներուն եւ թշնամական վերաբերմունքի պայմաններուն մէջ Արցախի Հանրապետութեան քայլերը նպատակաուղղուած են տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանումին: Ատրպէյճան, խախտելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի եւ համանախագահ պետութիւններու առջեւ ստանձնած ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառումէն հրաժարելու պարտաւորութիւնը, 27 Սեպտեմբերի 2020-ին Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն մասնակցութեամբ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու ձեռնարկած է Արցախի Հանրապետութեան դէմ, որուն զոհ գացած են հազարաւոր մեր հայրենակիցներ, բռնազաւթուած է հանրապետութեան տարածքի մեծ մասը, ոչնչացուած են նիւթական եւ ազգային մշակութային ժառանգութիւնը: Յետպատերազմեան ամիսներուն Ատրպէյճանի հայատյացութեան, սադրիչ, յարձակողական հռետորաբանութեան եւ այդ ամէնէն բխող գործողութիւններու պայմաններուն մէջ արցախահայութիւնը՝ հաւատարիմ 1991_ի պատմական որոշումներուն, յաղթահարելով դժուարութիւնները, կառուցած է իր ապագան: Գլուխ կը խոնարհեցնենք նահատակուած բոլոր այն քաջորդիներուն առջեւ, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին յանուն Արցախի Հանրապետութեան եւ արցախահայութեան ազատ ապրելու իրաւունքին: Արցախի Հանրապետութեան եւ անոր ժողովուրդին համար առաջնահերթութիւն կը մնան պետութեան միջազգային ճանաչումի, բռնազաւթուած տարածքներու ազատագրումի, տեղահանուած ազգաբնակչութեան հայրենադարձութեան, ռազմագերիներու, պատանդներու անվերապահ ազատ արձակումը, հայկական ազգային մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցերը: Ի դէմս միջազգային հանրութեան՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներուն կոչ կ’ուղղենք տեսանելի քայլեր ձեռնարկելու արցախահայութեան՝ ազատ ապրելու իրաւունքէն բխող պահանջներու իւրացման գործին:

ԱՀ ԱԺ « Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութիւն

ԱՀ Աժ «Միասնական Հայրենիք» խմբակցութիւն ԱՀ Աժ «Արդարութիւն» խմբակցութիւն

ԱՀ ԱԺ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւն

ԱՀ ԱԺ «Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն» խմբակցութիւն

10/12/2021