19 Դեկտեմբերին, ընկեր Հրայր Մարուխեանի ծննդեան օրը, դաշնակցականները յարգանքի տուրք մատուցած են անոր յիշատակին: Հրայր Մարուխեան ՀՅԴ եւ Սփիւռքի ազգային կառոյցներու կարողականութիւնը ուղղորդեց դէպի Արցախեան խնդիրը, եւ Արցախեան ազատամարտի ընթացքին թէ՛ նիւթական, թէ՛ նաև զինուորական միջոցներով կազմակերպած էր Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դաշնակցական խումբերու զինումը՝ Yerkir.am-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ անդամ Բագրատ Եսայեան։ Հրայր Մարուխեան ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ 1950 թուականէն, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ՝ 1963 թուականէն: «Մինչեւ Հայաստանի անկախանալը ընկեր Հրայրը մեծագոյն դերակատարութիւնը ունեցած է Սփիւռքի հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ՝ ըլլալով ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ ներկայացուցիչ 1990-ական թուականներէն մինչեւ իր կեանքին վերջը։ Ան հիմնադիրն եղած է թէ՛ հայկական նորօրեայ զինեալ պայքարի՝ 70-ական թուականներուն։ Անկէ յետոյ շատ բնական է, որ երբ Խորհրդային Հայաստանի մէջ ազգային զարթօնքը սկսաւ, ընկեր Հրայրը պէտք է ըլլար այն ղեկավարը, որ անմիջապէս արձագանգեց եւ 88-ին հրաւիրուած ընդհանուր ժողովին հնչեց Դաշնակցութեան կոչը, որ «Դէպի Երկիր» էր , եւ որմէ ետք Դաշնակցութիւնը սկսաւ իր կազմակերպական վերընձիւղումը հայրենիքի մէջ», պատմեց Բագրատ Եսայեան։ Ան փաստեց, որ ամէն ինչ Հրայր Մարուխեանի անմիջական ղեկավարութեան տակ կը կատարուէր։ «Շատ ծանր կը տանէր, գիտեմ, ընկեր Հրայրը 1992-ին, ազգադաւ, հողատուութեան գաղափարական հիմնադիր Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէն իր արտաքսումը ՀՀ-էն, մեծագոյն երազանքն էր վերադառնալ Հայաստան», ըսաւ ան։ Բագրատ Եսայեան պատմեց, որ 1992-ի Յունիսին, երբ արտաքսման հրամանագիրը եղաւ, մինչեւ1994-ը՝ դժբախտ պատահարը իր հետ, ամէն ձեւով կը փորձէր վերադառնալ ՀՀ, ճամբաներ կը փնտռէր, նոյնիսկ կը փորձէր հաստատուիլ Ջաւախքի մէջ, որպէսզի մօտ ըլլայ Հայաստանին եւ կարելիութիւն ունենայ ամէնօրեայ կապ պահել։ «Ցաւօք սրտի, 1994-ի դժբախտ պատահարէն վերջ ան 4 տարի ապրեցաւ անգիտակից վիճակի մէջ, սակայն ապրեցաւ մինչեւ այն օրը, երբ գաղափարական հողատու առաջին նախագահի պաշտօնը ստանձնող անձնաւորութիւնը հեռացաւ պաշտօնէն եւ միայն անկէ վերջ խաղաղութեամբ աւանդեց իր հոգին», ըսաւ Բագրատ Եսայեան։